Նոր նուաճումով մը Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Վարժարանի հինգ սաներու անունները տեղ գտած են Մերձաւոր Արեւելքի միակ հայկական՝ Հայկազեան Համալասարանի նախագահի Պատուոյ Ցանկին վրայ։
Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այդ առթիւ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը՝
Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը մեծ հպարտութեամբ կը տեղեկացնէ կրթական համայնքն ու բարեկամները, որ վարժարանի հինգ շրջանաւարտներ ընդգրկուած են Հայկազեան Համալսարանի Նախագահի պատուոյ ցանկին մէջ՝ 2025–2026 ուսումնական տարուան աշնանային կիսամեակին համար։
Հայկազեան համալսարանի նախագահ Վեր. Փօլ Հայտոսթեան պաշտօնական նամակով մը իր շնորհաւորանքը յղեց Մեսրոպեանի տնօրէնութեան՝ ընդգծելով ուսանողներուն ակադեմական գերազանցութիւնը եւ անոնց դերը՝ որպէս գիտակից ու նուիրեալ քաղաքացիներու նոր սերունդ։
Պատուոյ ցանկին արժանացած շրջանաւարտներն են՝
Էնտրու Քոմպէճեան
Քեթրին Թորոսեան
Ճորճիօ Գալուստ
Մարք Կիւլկիւլեան
Մելանի Չաքըրեան
Վարժարանս կը շնորհաւորէ իր շրջանաւարտները եւ անոնց ընտանիքները՝ մաղթելով շարունակական յաջողութիւն եւ բարձրագոյն ձեռքբերումներ ակադեմական ու մասնագիտական ճանապարհին մէջ։
