Փետրուար 2-ին Պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ տեղի ունեցած է պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանած Հնդկաստանի զինուած ուժերու պաշտպանութեան սպայակոյտի պետ, զօրավար Անիլ Չաուհանի դիմաւորման հանդիսաւոր արարողութիւնը՝ պատուոյ պահակախումբի եւ զինուորական նուագախումբի մասնակցութեամբ։
Պաշտպանութեան նախարարութենէն յայտնած են՝ հնչած են Հայաստանի եւ Հնդկաստանի պետական օրհներգները։
Յիշեցնենք՝ փետրուար 1-ին պաշտօնական այցով Հայաստանի Հանրապետութիւն ժամանած է Հնդկաստանի զինուած ուժերու պաշտպանութեան սպայակոյտի պետ, զօրավար Անիլ Չաուհանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։