image
Հրատապ լուրեր:

Ցաւալի կորուստ հալէպահայութեան համար. Ոչ եւս է կրթական նուիրեալ մշակ՝ Մատլէն Մելքիսէթեան

Ցաւալի կորուստ հալէպահայութեան համար. Ոչ եւս է կրթական նուիրեալ մշակ՝ Մատլէն Մելքիսէթեան

Օրերս, Հալէպի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Կիլիկեան կրթական հաստատութեան հոգաբարձու անդամներէն եւ նուիրեալ կրթական մշակ Մատլէն Մելքիսէթեան: Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Հալէպի իր աղբիւրէն: 

Սրտի խոր կսկիծով Կիլիկեան կրթական հաստատութեան հոգաբարձութիւնն ու տնօրէնութիւնը գուժած են մահը իրենց հոգաբարձու անդամներէն եւ կրթական մշակ հանգուցեալ Մատլէն Մելքիսէթեանին: 

Հանգուցեալին եղբօր աղջիկը՝ օր. Վարդուկ Չաթալպաշեան դամբանականի խօսքին մէջ անդրադառնալով հօրաքրոջ Մատլէնի կեանքին ու ծառայութեան մասնաւորապէս ըսած է.-

«Մատլէն Մելքիսէթեան ծնած է Հալէպ  1953-ին: Դուստրն է  տէր եւ տիկ. Յարութիւն եւ Մարի Մելքիսէթեաններուն: Նախնական ուսումը ստացած է Կիլիկեան վարժարանին մէջ, որուն շրջանը աւարած է յաջողութեամբ:  Ապա անցած է Կիլիկեան ճեմարան եւ բոլորելով 1972-1973 տարեշրջանը ձեռք բերած է սուրիական պաքալորիան: Քանի մը տարիներ Կիլիկեան վարժարանին մէջ ուսուցչութիւն ընելէն վերջ խնամակալութեան կողմէ ուղարկուած է Երեւան, ուր Խաչատուր Աբովեանի անուան մանկավարժական հիմնարկի դասընթացքներուն հետեւելով  1985-1986 տարեշրջանին աւարտած է համալսարանի «նախադպրոցական տարիքի երեխաներու մանկավարժութիւն եւ հոգեբանութիւն» բաժինը եւ ստացած համապատասխան վկայական: 

Հալէպ վերադարձին, իրեն վստահուած է Կիլիկեան վարժարանի Մայք Նազարէթեան Տիպար մանկապարտէզի մանկապարտիզպանուհիի պաշտօնը, զոր վարած է մինչեւ իր հանգստեան կոչուիլը: 

Մատլէն  Մելքիսէթեան երկար տարիներ նաեւ ծառայած է ՀՄՄ-ի սկաուտական շարքերէն ներս, որպէս հիմնադիր խմբապետուհի իր ներդրումը ունենալով դաստիարակչական եւ հայրենասիրական ներշնչումներով: 

Տարիներ իր օժանդակութիւնը բերած է որպէս հոգաբարձու Կիլիկեան ճեմարանէն ներս աշխատակցելով ի նպաստ Կիլիկեան ճեմարանի բարգաւաճման եւ առաջդիմութեան: 

Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք իր հարազատ մերձաւորներուն, մօտիկ պարագաներուն եւ Կիլիկեանի մեծ ընտանիքին: 

Յիշատակը անթառամ, հողը թեթեւ ըլլայ:»