image

Էմիրութիւնները թոյլ չի տար իր տարածքն օգտագործել Իրանի վրայ յարձակումներու համար․ ԱՄԷ ԱԳՆ

Էմիրութիւնները թոյլ չի տար իր տարածքն օգտագործել Իրանի վրայ յարձակումներու համար․ ԱՄԷ ԱԳՆ

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները յանձնառու է թոյլ չտալու իր օդային, ցամաքային եւ ջրային տարածքներն օգտագործել Իրանի դէմ որեւէ թշնամական ռազմական գործողութեան համար։ Այս մասին յայտնած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

«Երկխօսութեան ամրապնդումը, լարուածութեան նուազեցումը, միջազգային իրաւունքի պահպանումը եւ պետութիւններու ինքնիշխանութեան յարգումը կը կազմեն ներկայիս ճգնաժամերու լուծման լաւագոյն տարբերակը»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները կոչ կ՚ընէ տարաձայնութիւնները լուծելու բացառապէս խաղաղ ճանապարհով։