image

Սպիտակ տունը կը ծրագրէ կայացնել «Խաղաղութեան խորհուրդի» առաջին հանդիպումը

Սպիտակ տունը կը ծրագրէ կայացնել «Խաղաղութեան խորհուրդի» առաջին հանդիպումը

Սպիտակ տունը կը ծրագրէ 19 փետրուարին Խաղաղութեան խորհուրդի մասնակից պետութիւններու ղեկավարներու հանդիպում կայացնել՝ հաղորդած է Axios-ը՝ վկայակոչելով աղբիւրները։

Նշուած է, որ ԱՄՆ վարչակազմը կ՚ուզէ հանդիպումն օգտագործել Կազայի հատուածին մէջ հրադադարի համաձայնագրի երկրորդ փուլի իրականացումն առաջ մղելու եւ անկլաւի վերակառուցման համար միջոցներ հաւաքելու նպատակով։

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի նախագահութեամբ ձեւաւորուած Խաղաղութեան խորհուրդի կազմին մէջ այժմ ընդգրկուած է 27 անդամ, որոնց շարքին է նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը: Յունուար 22-ին Տաւոսի մէջ տեղի ունեցած է Խաղաղութեան խորհուրդի կանոնադրութեան ստորագրման արարողութիւնը։