image

Տեառնընդառաջի տօնը՝ Քեսապ հայաւանին մէջ

Տեառնընդառաջի տօնը՝  Քեսապ հայաւանին մէջ

Օրերս, Տեառնընդառաջի տօնի առթիւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուած է Քեսապի Սուրբ Միքայէլ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ՝ ձեռամբ Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեանի։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Vaticannews-էն:

Լրատւութիւնը՝ ստորեւ։

Տէրը քեզի համար յաւիտենական լոյս պիտի ըլլայ, եւ Աստուած՝ քու փառքդ» (Եսայի 60.19)

Կիրակի` 1 Փետրուար 2026 թուականին, հովուական տնօրինումով եւ մեր հաւատացեալ ժողովուրդի կամքին ընդառաջելով նշեցինք Տեառնընդառաջի տօնը։

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ՝ Քեսապի Սուրբ Միքայէլ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ՝ ձեռամբ Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեանի:

Սուրբ գրային ընթերցումներէն ետք, Գերյ. Հայր Սուրբը իր քարոզի մէջ ըսաւ․

« Սիրելի՛ քոյրեր եւ եղբայրներ ի Քրիստոս,

Այսօրուան Սուրբ Աւետարանի ընթերցումը մեզ կը տեղափոխէ Երուսաղէմի Տաճարը՝ այնտեղ, ուր խոնարհութիւնը կը հանդիպի փառքին հետ, ուր սպասումը կը վերածուի ուրախութեան, եւ ուր մարդկային աչքերը կը տեսնեն Աստուծոյ փրկութիւնը։

Սուրբ Ղուկաս Աւետարանիչը կը պատմէ, թէ երբ լրացան սրբագործման օրերը, ըստ Մովսէսի Օրէնքին, Սուրբ Աստուածածին Մարիամն ու Յովսէփը քառասնօրեայ Մանուկ Յիսուսը Երուսաղէմ կը տանին՝ Տիրոջը ներկայացնելու համար։

Անոնք կը կատարեն Օրէնքը՝ առանց աղմուկի, առանց ցուցադրութեան, առանց արտաքնապէս մեծ երեւոյթներուն։ Սակայն այդ խոնարհ քայլերուն մէջ կը թաքնուի փրկութեան մեծ խորհուրդը։

Տաճարին մէջ կը գտնուի Սիմէոն Ծերունին՝ արդար եւ աստուածապաշտ մարդ մը, որ Սուրբ Հոգիով առաջնորդուած էր եւ կը սպասէր Իսրայէլի մխիթարութեանը։ Ան խոստում ստացած էր Աստուծմէ, թէ մահ պիտի չտեսնէ, մինչեւ որ իր աչքերը չտեսնեն Տիրոջ Օծեալը։

Եւ ահա այդ օրը եկաւ։ Սիմէոն գրկելով Մանուկ Յիսուսը կը բացագանչէ. «Արդ, ո՛վ Տէ՛ր, խաղաղութեամբ արձակէ՛ հիմա քու ծառադ, քու խօսքիդ համաձայն, որովհետեւ աչքերս տեսան քու փրկութիւնդ»։ (Ղուկ․ 2,29)

Սիրելինե՛րս, այս խօսքերը միայն ալեւոր մարդու մը հրաժեշտը չեն կեանքին։ Անոնք հաւատքի գագաթնակէտն են։ Սիմէոնը տեսաւ այն, ինչ շատերը չէին տեսած, որովհետեւ լի էր վստահութեամբ եւ յոյսով Աստուծոյ նկատմամբ ։

Սիմէոնը կը վկայէ, թէ այս Մանուկը Լոյս է՝ «Լոյս մը՝ հեթանոսները լուսաւորելու եւ փառք՝ Իսրայէլի ժողովուրդին»։ (Ղուկ․ 2,32)

Բայց նոյն ժամանակ ան կ’ըսէ նաեւ Մարիամին. «Ահա ասիկա շատերուն համար պիտի ըլլայ անկման եւ կանգնումի պատճառ Իսրայէլի մէջ, եւ հակառակութեան նշան»։ (Ղուկ․ 2,34)

Քրիստոս միշտ ալ այսպէս է՝ Ան Լոյս է, բայց ոչ բոլորը կ’ուզեն ընդունիլ Լոյսը, Ան աշխարհի Փրկիչն է, բայց ոչ բոլորը կ’ուզեն փրկուիլ, Ան Ճշմարտութիւն է, բայց ոչ բոլորը կ’ուզեն ճշմարտութեան մէջ ապրիլ։

Տաճարին մէջ կը գտնուէր նաեւ Աննա Մարգարէուհին՝ ուԹսունչորս տարեկան այրի կին մը, որ գիշեր ցերեկ պահքով եւ աղօթքով կը ծառայէր Աստուծոյ։ Ան եւս ճանչցաւ Յիսուս Մանուկին եւ սկսաւ խօսիլ Անոր մասին բոլոր անոնց, որոնք կը սպասէին Երուսաղէմի փրկութեանը։

Սիմէոնն ու Աննան մեզի կը սորվեցնեն ընկալումի արժեւորումը։ Անոնք չյուսահատեցան, չյոգնեցան, չհեռացան Տաճարէն։ Անոնք սպասեցին, որովհետեւ հաւատացին։

Սիմէոնն ու Աննա Մարգարէուհին մեզի օրինակ են, որովհետեւ իրենց սրտերը բաց պահեցին։ Անոնք չկարծրացուցին իրենց հոգիները, ինչպէս շատերը ըրին։ Անոնք ընդունեցան Լոյսը եւ լոյս դարձան աշխարհի համար։

Սիրելի՛ քոյրեր եւ եղբայրներ ի Քրիստոս,

Մինչ մենք կը փնտռենք զԱյն, Ան արդէն իսկ եկած է, մեր մէջն է։ Մինչ մենք փակ կը պահենք մեր սրտերը, Ան կանգնած է մեր դռներուն առջեւ եւ կը բախէ։

Ինչպէս կ’ըսէ Յայտնութեան գիրքը. «Ահաւասիկ դռան առջեւ կեցած եմ եւ կը բախեմ» (Յայտնութիւն 3.20)։

Տէրը առաջինն է, որ կը մօտենայ մարդուն։ Ան Ադամն ու Եւան փնտռեց, երբ անոնք թաքնուած էին։ Ան անառակ որդիին ընդառաջ վազեց, երբ ան կը վերադառնար։ Ան այսօր ալ կը մօտենայ մեզմէ իւրաքանչիւրին՝ մեր վախերուն, մեր մեղքերուն եւ մեր տկարութիւններուն մէջ։

Եւ այսօր Տէրը նոյն հարցումը մեզի կ’ուղղէ. Պատրա՞ստ ենք մենք ալ ընդունելու Իր Լոյսը։

Տէրը մեզ կը հրաւիրէ, ոչ թէ որպէս ծառաներ, այլ որպէս բարեկամներ.

«Ոչ թէ դուք զիս ընտրեցիք, այլ Ես ձեզ ընտրեցի» (Յովհաննէս 15.16)։

Սիրելինե՛րս, առանց Աստուծոյ ներկայութեան մեր կեանքը դատարկութիւն է ։ Առանց Աստուծոյ առաջնորդութեան մեր կեանքը կը կորսնցնէ իր վսեմ իմաստը։

Սուրբ Գիրքը կը զգուշացնէ. «Եթէ Տէրը տունը չշինէ, իզուր կը չարչարուին շինողները» (Սաղմոս 127.1)։

Տեառնընդառաջը մեզ կը հրաւիրէ, որ մեր կեանքի Տաճարը մաքրենք եւ զայն բանանք Քրիստոսի առջեւ։ Թող Ան գայ ու բազմի մեր սրտերուն գահին վրայ։ Թող Իր Լոյսով լուսաւորէ մեր խաւարը, բժշկէ մեր վէրքերը եւ այրէ մեր մեղքերուն աղտերը։

Այսօր, երբ Տեառնընդառաջի կրակը վառենք, թող որ ան մեզի համար միայն աւանդութիւն չըլլայ, այլ խորհրդանիշ՝ Քրիստոսի Լոյսին, որ կը յաղթէ խաւարին։ Թող մեր սրտերը դառնան կենդանի մոմեր, որոնք կը վառին սիրով, հաւատքով եւ յոյսով։

Եկէ՛ք, սիրելինե՛րս, Սիմէոն Ծերունիին նման Տիրոջ ընդառաջ ելլենք, ընդունինք Ճշմարիտ Լոյսը եւ լոյս դառնանք այս աշխարհին մէջ»։

Յաւարտ Սուրբ Զոհին, եկեղեցւոյ դասին մէջ, տեղի ունեցաւ Մոմերու Օրհնութեան Կարգ ու ապա եկեղեցւոյ բակէն ներս անդաստանի արարողութիւնը։

Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեան
Քեսապ՝ 1 Փետրուար 2026թ․