Նշենք, որ երեկոն կազմակերպած էր բնիկ Հալէպահայ բանաստեղծ եւ լրագրող՝ Տիգրան Գաբոյեան, որ վերջին տարիներուն հաստատուած է Երեւան եւ տարբեր առիթներով ալ կազմակերպած է «Բանաստեղծութեան բիբ»ը ընդհանուր խորագրով հանդիպումներու շարք մը։
Շաբաթ երեկոյեան խումբ մը գրասէրներ հաւաքուեցան Երեւանի կեդրոնը «Բանաստեղծութեան երեկոյ» մը իրականացնելու նպատակով։
Նշենք, որ երեկոն կազմակերպած էր բնիկ Հալէպահայ բանաստեղծ եւ լրագրող՝ Տիգրան Գաբոյեան, որ վերջին տարիներուն հաստատուած է Երեւան եւ տարբեր առիթներով ալ կազմակերպած է «Բանաստեղծութեան բիբ»ը ընդհանուր խորագրով հանդիպումներու շարք մը։
Այս երեկոյին բանաստեղծութիւններ կարդացին Տիգրան Գաբոյեան, Սագօ Արեան, իսկ արձակ կտորով հանդէս եկաւ հանրայայտ գրող՝ Արծուի Բախչինեան։
Նշենք նաեւ, որ երեկոյի ընթերցման մասնակից պիտի դառնար՝ Անուշ Ասլիբէկեան-Արծրունի, որ բանաւոր պատճառներով չկրցաւ մասնակցիլ երեկոյթին։
Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ եղած երեկոյին ամէնէն ուղենշայինն անշուշտ արեւմտահայերէնով բանաստեղծութիւններու հնչումն է, որ յաւելեալ փայլ մը տուաւ երեկոյին։