ԻՍԹԱՆՊՈՒԼ («Արեւելք») — Իսթանպուլի Ֆէրիգիւղ շրջանի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «ԺԱՄԱՆԱԿ» օրաթերթի հրատարակութեան տնօրէնուհի, մամլոյ բազմավաստակ մշակ եւ համայնքային գործիչ Նատիա Գօչունեանի ծննդեան 75-ամեակի եւ լրագրական գործունէութեան 45-ամեակի յոբելեաններուն նուիրուած մեծարանքի հանդիսութիւնը։ Յատկանշական է, որ այս երկու յոբելեաններու գումարումով խորհրդանշական 120-ամեակը միաժամանակ դարձաւ ամենաերկարակեաց հայկական օրաթերթի հիմնադրութեան 120-ամեակի յառաջիկայ յոբելեանին յատուկ նախատօնակը։
Հանդիսութիւնը կազմակերպուած էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի բարձր հովանաւորութեամբ եւ «ԺԱՄԱՆԱԿ»ի խմբագրութեան նախաձեռնութեամբ։ Ձեռնարկի հիմնական քաջալերողներն էին պոլսահայ բարերարներ Արէտ եւ Մոնիք Երկանեան ամոլը, ինչպէս նաեւ Նիւ Եորքէն Հիլտա Պիոսեան-Շէշէթեան՝ համակիրներու լայն շրջանակի մը աջակցութեամբ։
Մեծարանքի երեկոյին ներկայ էին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, ԱՔ կուսակցութեան Իսթանպուլի երեսփոխան տոց. Սեւան Սվաճըօղլու, ՍԾՏՀԿ-ի մօտ ՀՀ մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան՝ դիւանագիտական կազմի ընկերակցութեամբ, ինչպէս նաեւ համայնքային վարիչներ, կրթական մշակներ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ, Գօչունեան գերդաստանի շառաւիղներն ու բազմաթիւ հրաւիրեալներ։ Հիւրեր կային նաեւ արտասահմանէն, այդ կարգին՝ Հայաստանէն։
Մարալ Սաթարի հանդիսավարութեամբ ընթացող յայտագրի հանդիսաւոր պահերէն մէկը հանդիսացաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի շնորհաւորական գիրի ընթերցումը՝ Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեանի կողմէ, որուն դահլիճը հետեւեցաւ յոտնկայս։
Մեծարեալի՝ Էսաեան վարժարանի դասընկերուհիներուն անունով սրտի խօսք արտասանեց Սաթենիկ Նշան, ապա ներկայացուեցաւ Երեւանէն Տիգրան Պասկեւիչեանի պատրաստած «Կեանքի ժամանակ. Նատիա Գօչունեան» կարճաժամկէտ ֆիլմը, որուն յաջորդեց հեղինակին ողջոյնի խօսքը։
«ԺԱՄԱՆԱԿ»ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչներուն, իսկ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէրին (Այլին Գօչունեանի ձեռամբ) եւ երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլուի կողմէ մեծարեալին յանձնուեցան յատուկ յուշանուէրներ։ Նատիա Գօչունեան իր հերթին խորին երախտագիտութիւն յայտնեց ներկաներուն՝ նշելով, որ ձեռնարկը միացուց Հայաստանը, Սփիւռքն ու Պոլիսը, ապա հատեց յոբելենական կարկանդակը։ Երեկոն եզրափակուեցաւ Պատրիարք Սրբազան Հօր հուսկ բանքով եւ օրհնութեամբ։
«ԺԱՄԱՆԱԿ» օրաթերթը այս յոբելենական ձեռնարկին նուիրեց յատուկ բացառիկ թիւ մը՝ թերթի 120-ամեայ պատմութիւնը հարստացնելով եւս մէկ բացառիկ համարով։





