image

Եգիպտոսը կրնայ խզել յարաբերութիւնները Իսրայէլի հետ

Եգիպտոսը կրնայ խզել յարաբերութիւնները Իսրայէլի հետ

Եգիպտոսը Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը զգուշացուցած է հրէական պետութեան հետ յարաբերութիւնները խզելու մտադրութեան մասին: Յայտարարած է, որ կը դիմէ այդ քայլին, եթէ Կազայի հարաւային շրջանին մէջ Իսրայէլի ռազմական գործողութեան պատճառով պաղեստինցի փախստականները տեղահանուին Սինա: 

Այս մասին գրած է Axios-ը՝ յղում ընելով ամերիկացի եւ իսրայէլացի պաշտօնեաներուն։

Եգիպտոսը, որ Կազայի պատերազմը կը դիտարկէ որպէս իր ազգային անվտանգութեան սպառնալիք, կը փորձէ թոյլ չտալ պաղեստինցի փախստականներուն անցնիլ իր սահմանը:

Նշենք, որ Կազայի մէջ գրեթէ 1,9 միլիոն մարդ կամ բնակչութեան մօտ 85%-ը դարձած է ներքին տեղահանուած: