Իսրայէլի խորհրդարանական ընտրութիւններուն վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի եւ անոր գլխաւոր մրցակից Կատի Այզենքոթի ուժերը չեն ապահոված կառավարութիւն կազմելու համար անհրաժեշտ մեծամասնութիւնը։ CNN-ի հաղորդմամբ՝ քուէարկութեան նախնական արդիւնքները ցոյց կու տան, որ 120 անդամէ բաղկացած Քնեսեթին մէջ քաղաքական ուժերէն ոչ մէկ ճամբար կրցած է ապահովել անհրաժեշտ 61 աթոռը։
Քուէներու կէսէն աւելին հաշուելէ ետք, Channel 12-ի եւ Ynet-ի կանխատեսումներուն համաձայն՝ Նաթանիահուի դաշինքը կրնայ ստանալ 55 աթոռ՝ նախորդ խորհրդարանին մէջ ունեցած 68-ին փոխարէն։ Այդուհանդերձ, անոր «Լիքուտ» կուսակցութիւնը կրնայ մնալ խորհրդարանին մէջ առանձին ամենամեծ քաղաքական ուժը։
Միեւնոյն ժամանակ, Նաթանիահուի դէմ հանդէս եկող կուսակցութիւնները միասին կրնան ստանալ 65 աթոռ։ Սակայն ընդդիմութիւնը պառակտուած է։ Կատի Այզենկոթի «Եաշար» կուսակցութիւնը պիտի կարենայ մեծամասնութիւն կազմել միայն արաբական կուսակցութիւններուն հետ գործակցելով, որոնք, ըստ կանխատեսումներու, կրնան ունենալ 16 աթոռ։ Ընդդիմութեան կարգ մը ղեկավարներ դէմ են նման համագործակցութեան։
Ընտրութիւններուն արձանագրուած է 1999 թուականէն ի վեր մասնակցութեան ամենաբարձր ցուցանիշը՝ առնուազն 77,7 տոկոս։ Մասնաւորաբար աշխոյժ եղած է արաբ բնակչութեան մասնակցութիւնը, որ, ըստ արաբական կուսակցութիւններու, գերազանցած է 75 տոկոսը։ Անոնք պատմականօրէն բարձր արդիւնք կ՚ակնկալեն։
Նաթանիահուն եւ Այզենքոթը տակաւին վերջնական յաղթանակ չեն յայտարարած։ Այդուհանդերձ, Այզենքոթ յայտարարած է, որ ընտրողները արտայայտուած են Նաթանիահուի՝ վարչապետի պաշտօնը շարունակելուն դէմ։
Վերջնական արդիւնքներու հաստատումէն ետք, Իսրայէլի նախագահ Իսահաք Հերցոկ խորհրդակցութիւններ պիտի ունենայ խորհրդարան անցած կուսակցութիւններուն հետ եւ վարչապետի թեկնածուներէն մէկուն կառավարութիւն ձեւաւորելու լիազօրութիւն պիտի տայ։ Թեկնածուն պէտք է կարենայ ապահովել առնուազն 61 երեսփոխանի աջակցութիւնը։ Եթէ ան չյաջողի, երկիրը կրնայ կրկին արտահերթ ընտրութիւններու երթալ։