image

Պելկրատի մէջ Իսրայէլի դեսպանատան շէնքի մօտ ահաբեկչութեան փորձ կատարուած է

Պելկրատի մէջ Իսրայէլի դեսպանատան շէնքի մօտ ահաբեկչութեան փորձ կատարուած է

Հոկտեմբեր 28-ի գիշերը, Պելկրատի մէջ Իսրայէլի դեսպանատան մօտ ահաբեկչական յարձակման փորձ կատարուած է։ Այս մասին Սերպիոյ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Իվիցա Տաչիչ յայտնած է սերպական RTS հեռուստառատիոկայանի եթերով։

«Կէսգիշերէն քիչ անց, անչափահաս մը՝ երկու դանակով զինուած, յարձակած է Պելկրատի մէջ Իսրայէլի դեսպանատան մօտ ծառայութիւն կատարող ոստիկանութեան աշխատակիցի վրայ։ Թեթեւ վնասուածքներ ստացած ոստիկանը ինքնապաշտպանութեան նպատակով չէզոքացուցած է յարձակողը»,– ըսած է Տաչիչ։

Անոր խօսքով՝ Սերպիոյ յատուկ ծառայութիւններու աշխատակիցները հետեւած են յարձակումը գործադրած անձին։ Առկայ տեղեկութիւններուն համաձայն՝ ան կապ ունեցած է «Իսլամական պետութիւն» խմբաւորման հետ։

Տաչիչ նշած է, որ միջադէպին առնչութեամբ Սերպիոյ կարեւոր վայրերուն մէջ անվտանգութեան ապահովման մակարդակը բարձրացուած է մինչեւ առաւելագոյն աստիճան։ Սա կը նախատեսէ վերահսկողութեան ուժեղացում եւ ենթակառուցուածքային կառոյցներու ու մարդոց կուտակման վայրերուն մօտ ոստիկանութեան ներկայութեան ընդլայնում։