image

Եգիպտոսի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աշոտ արք. Մնացականեանի հովուական այցը՝ Ատիս Ապէպա

 Եգիպտոսի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աշոտ արք. Մնացականեանի հովուական այցը՝ Ատիս Ապէպա

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եռանդուն Եպիսկոպոսներէն, Եգիպտոսի եւ շրջակայ երկիրներու Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աշոտ արք. Մնացականեան օրերս հովուական այցելութեամբ այցելած է Եթովպիա։ 

Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց  Եգիպտոսի Թեմի դիմատետրեան էջէն։

Ստորեւ այցելութեան մասին տրուած ամփոփ թղթակցութիւնը։

Ուրբաթ, 31 Յունուար 2025-ին, Եգիպտոսի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Աշոտ Եպիսկոպոս Մնացականեան հովուական այցելութեամբ մեկնեցաւ Եթովպիա։

 Կիրակի, 2 Փետրուարին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ս. Պատարագ մատուցեց Ատիս Ապէպայի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ որու, Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով կատարեց նաեւ «Ջրօրհնէք»ի արարողութիւն։ Սուրբ Սեղանին կը սպասաւորէր Բարեշնորհ Վարդգէս Սարկաւագ Նալպանտեան, ինչպէս նաեւ եթովպահայ դպիրներ, իսկ երգեցողութիւնը կը կատարէր համայնքի անդամներէն բաղկացած «Մուրատեան» երգչախումբը։

 Երկուշաբթի, Փետրուար 3-ին Սրբազան Հայրը հոգեհանգստեան մասնաւոր պաշտօն կատարեց Ատիս Ապէպայի Ազգային գերեզմանատան մէջ։

Նոյն օրը երեկոյեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ Եթովպահայ համայնքի Գործադիր Խորհուրդի անդամներուն հետ, որուն ընթացքին քննարկուեցան համայնքին յուզող կարգ մը խնդիրներ։