image

Պէյրութ. Ճինիշեան հիմնարկի պատասխանատուներ՝ ՀՀ Դեսպանատուն այցելեցին

Պէյրութ. Ճինիշեան հիմնարկի պատասխանատուներ՝ ՀՀ Դեսպանատուն այցելեցին

Ճինիշեան հիմնարկի պատասխանատուներ օրերս Պէյրութի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատուն այցելած են։

Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այցին մասին ամփոփ  հաղորդագրութիւնը՝ 

Ուրբաթ, 6 Փետրուար 2026ին, «Ճինիշեան» հիմնարկի ընդհանուր տնօրէն Էլիզա Մինասեան եւ Հայաստանի մասնաճիւղի տնօրէն Արմէն Յակոբեան, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մասնաճիւղի տնօրէն Քրիսթին Դանիէլեանի այցելեցին Լիբանանի մօտ Հայաստանի նորանշանակ դեսպան Սարմէն Պաղտասարեանին։

Այցելութեան ընթացքին արծարծուեցան «Ճինիշեան» հիմնարկի գործունէութիւնն ու ծրագիրները տարբեր երկիրներու մէջ եւ ի մասնաւորի լիբանանահայ համայնքէն ներս, ինչպէս նաեւ գործակցութեան նոր հորիզոններ ստեղծելու հնարաւորութիւնները՝ Հայրենիք- Սփիւռք կապերու խթանման ի խնդիր։