image

Մակար Սրբազանի օրհնաբեր այցելութիւնը «Together» հաստատութիւն

Մակար Սրբազանի օրհնաբեր այցելութիւնը «Together» հաստատութիւն

Բերիոյ Հայոց Թեմի ժրաջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար արք. Աշգարեան օրերս օրհնաբեր այցելութիւն մը տուած է «Together» հաստատութիւն։

Մեր ընթերցող հասարակութեան յիշեցնենք, որ Յակոբ Յակոբեանի աշխատասիրութեամբ մէջտեղ եկած այս հաստատութիւնը, անկախ ամէն տեսակի դժուարութիւնէ եւ առանց խտրութեան կը շարունակէ ծառայել, ոչ միայն Հալէպի մեր քոյր- եղբայրներուն, այլեւ բոլոր անոնց, որոնք կը բնակին Հալէպի մէջ եւ կարիքը ունին անհրաժեշտ օգնութիւններու։

Ստորեւ Սրբազան Հօր այցին մասին հրապարակուած հաղորդագրութիւնը՝

Չորեքշաբթի,11 Փետրուար 2026-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, այցելեց իր հովանաւորութիւնը վայելող բարեսիրական "together" հաստատութիւնը: Սրբազան հօր կ՚ընկերակցէին Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան։

Սրբազան Հայրը ջերմապէս դիմաւորուեցաւ "together" հաստատութեան Սուրիոյ ներկայացուցիչ տիար Յակոբ Յակոբեանի եւ իր ողջ անձնակազմին կողմէ։ Սրբազան հօր հետ իրենց մտերմիկ հանդիպման ընթացքին "together " հաստատութեան տնօրէնը եւ պատասխանատուները վերարժեւորումը կատարեցին Լաթաքիոյ մէջ տեղի ունեցած "together Academy"-ի հանդիպման մասին, որուն արձագանգը եւ անդրադարձը շատ դրական էր։ Նաեւ անդրադարձան յառաջիկայ աշխատանքներու կարգաւորման մասին։ Ապա սրբազան հայրը յուշանուէր մը յանձնեց "together" հաստատութեան։

Այնուհետեւ, սրբազան հայրը օրհնեց անդամները եւ իր խօսքով քաջալերեց։ 

"together " հաստատութեան անձնակազմը շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր՝ այս օրհնաբաշխ այցելութեան համար։

Աւարտին ներկաները սիրոյ սեղանի շուրջ ճաշեցին։