image
Հրատապ լուրեր:

Միասնաբար փրկենք հայերէնը (37)

Միասնաբար փրկենք հայերէնը (37)
  1. Խնկենի              

Ծառին լատինական  անուանումն է pistacia:

Ըսենք՝ հայերէն պիստակենի. այսպէս է, քանի այս նոյն ծառին խեժէն կը ստացուի անուշաբոյր խունկի տեսակ մը:


Ժղովրդախօսակցական լեզուով՝արեւմտահայը կը  կը զանազանէ Հալէպի պիստակը, որ ծառի վրայ բուս- նողն   է, տեղացիները զայն կը կոչեն «ֆստո Հալեպի». եւ սովորական պիստակը, որ հողին մէջ կ’աճի, եւ  արաբերէն կը կոչուի   «ֆստո ապիտ»:IMG_256

Գրական հայերէնը, ներառեալ գրաբարը,  ասոնց առաջինը կը կոչէ պարզապէս պիստակ (ֆրանսերէն՝ pistache, անգլերէն՝ pistachio), իսկ երկրորդը՝ գետնապիստակ   կամ  գետնանուշ (ֆրանսերէն arachide, անգլերէն՝ peanut):

                                                 *    *    *

  1. Զիատ Ռահպանիի ցաւալի մահը առիթ հանդիսացաւ, որ անոր երգերէն մէկուն անունը  ծնունդ տայ տառադարձական նոր ու աննախընթաց սխրանքի մը:

Հանրածանօթ الناس      سألوني   երգն է այդ, որ «Ազդակ»-ի քաղաքական էջը փութաց տառադարձելու   Սաըալունի Նաս (28/74/2025, էջ 2):

-Սակայն հայերէն չէ այս,- պիտի անհանգստանայ առաջին կարդա-ցողը, հայու կոկորդը եւ բանականութիւնը  չեն ընդունիր իրարայաջորդ  «աըա» հրէշաբանութիւնը, նմանը չէ պատահած ողջ Հայոց պատմութեան մէջ: 

Չէր կրնար պատահած ըլլալ հանուր մարդկութեան պատմութեան մէջ եւս, քանի մարդկային կոկորդը չի կրնար արտասանել «աըա» շարքը:

Մեզի կը մնայ մեր տկար ձայնը բարձրացնելով հարց տալ, թէ՝

سألوني  բառին ո՞ր տառը կամ նշանն է,  որ «Ազդակ»-ի կորովաբիբ լեզուաբանը «ը» կը թարգմանէ: Խաշած հաւն ալ կը նկատէ, որ նման հնչիւն գոյոգթիւն չունի այստեղ եւ անսանձ ու անպատասխանատու կամայակա-նութեան մէկ վիժուածքն է Սաըալունի-ն: 

Մխիթարական է, որ «Ազդակ»-ի 8/8/2025-ի թիւի ներքին մէկ էջին մէջ  Նարէ Քալեմքէրեան որդեգրած է ճիշդ ու հարազատ ձեւը՝ Սաալունի (էջ 4): 

«Արարատ» ու «Զարթօնք» տուած են, առաջինը՝   Սաալունի, երկրորդը՝ Սա’ալունի.  իսկ տեղական եւ միջազգային օտարալեզու թերթերը իրենց կարգին գրեցին նոյնը՝ Saalouni կամ Sa’alouni:

Որոնց չորսն ալ ներդաշնակ են եւ հարազատ են արաբերէնին:

  1. «Ասպարէզ» հայերէն կը գրէ

***Ասոր բացման ժամկէտը եւ պայմանները կախեալ են երկու կողմերու՝ իբրեւ անկախ պետութիւններ, համաձայնութենէն («Ասպարէզ», 31/6/2025):

---Ասոր բացման  ժամկէտը եւ պայմանները կախեալ են երկու կողմերու՝ 

իբրեւ անկախ պետութիւններու  համաձայնութենէն:

***Այդ տեղի պիտի ունենայ խորհրդակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք (անդ):

---Խորհրդակցութիւններու շնորհիւ:

***Համաձայնութիւն տուին առաքելութեան որոշումին, որմով եւրոպացի դիտորդները երկու տարի եւս պիտի մնան Հայաստանի մէջ (29/1/2025)։’

Որ  դերանունը կու  տայ՝ որով.

---Որով եւրոպացի դիտորդները երկու տարի եւս ն պիտի մնան:

***Դիտորդական առաքելութիւնը երկու տարիներով  կ’երկարաձգուի (անդ):

---Երկու տարիով  կ’երկարաձգուի:

***Նոր կանոնահէն  միջազգային կարգի անհրաժեշտութիւնը (անդ):

Կանոնահէն  կը նշանակէ «կանոն գողցող», ինչպէս ծովահէն, օդահէն...

---Կանոնայեն կարգի անհրաժեշտութիւն...

Այսինքն՝ կանոնի վրայ յենած, կանոնի վրայ հիմնուած:

Նաեւ՝ մշակութայեն, գիտայեն, բարոյայեն, փողայեն  այլն:

***Մարդու իրաւունքների չափանիշները (անդ): 

---չափանիշերը

  1. «Հայրենիք»-ը կը նմանակէ զայն

***Միասին քիչ մը ժամանակ անցնէինք (4/8/2025)

---Ժամանակ անցընէինք

***Մայրը գործէն  հասներ ու տուն տաներ (անդ):

---Հասնէր ու տուն տանէր...

***Բերել, խաղալ, խաղցնել եւայլն (անդ):

             ---Բերել, խաղալ, խաղցնել եւ այլն

***Հատիկ հատիկ ըսի (անդ):

---Հատիկ-հատիկ ըսի:

***Դուն գիտես պապիկ (անդ):

Պապիկ-ը կոչական է:

---Դուն գիտես, պապի՛կ:

***Իր ձայնը թողաց (անդ):

---Իր ձայնը դողաց :

***Թոռնուհիս ունեցած սէրը, տակաւին կը պահէր (անդ):

Ստորակէտը աւելորդ ու սխալ է ենթակային ու դիմաւոր բային միջեւ:

---Թոռնուհիս ունեցած սէրը տակաւին կը պահէր:

Մրցոյթ 36.

***Սրբագրէ՛ հետեւեալին անհամասեռութիւնը.

---Հզպալլան իր դիրքորոշումին մէջ  մագլցում արձանագրեց եւ անցնող

ժամերուն ընդգծեց զէնքին կառչիլը կառչումը:

***Հետեւեալին ո՞ր բառըկը տեղափոխես.

---Հայաստանի վարչապետը  նաեւ կը մասնակցէր նաեւ շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեան նուիրուած միջազգային համաժողովին:

***Հետեւեալներուն ո՞ր բառերը կը ջնջես.

---Տեսակէտներու փոխանակում կատարեցինք  այն հարցի շուրջ, թէ Լիբա-նանը պաշտպանելու համար ի՛նչ կարելի է ընել («Ազդակ», 25/7/2025, էջ 2):

***Ի՞նչ բառով կը փոխարինես ընդգծուած բառակապակցութիւնը: 

---Իրան մնա յուն կերպով   միշտ լաւագոյն յարաբերութիւններ ունեցած է Հայաստանի հետ («Ակօս», 1509):

***Հետեւեալ չորսն ալ ճիշդ եւ ընդունելի են, սակայն կայ մէկ, որ աւելի կը շոյէ մեր ականջը. ընդգծէ՛ զայն.

---Օրէնքը անխտիր բոլորին կը վերաբերի, շեշտեց Աուն:

---Օրէնքը անխտիր կը վերաբերի բոլորին, շեշտեց Աուն:

---Օրէնքը բոլորին կը վերաբերի անխտիր,շեշտեց Աուն:

---Օրէնքը կը վերաբերի անխտիր բոլորին,շեշտեց Աուն:

Ճիշդ պատասխանած են՝ Գէորգ Եազըճեան (8), Լիւսի Տէօքմեճեան (8), Համբարձում Յարթունեան (10), Ցոլակ Ապտալեան (8), Միրնա Սիւլիւքճեան (8,5), Գեղամ Խաչատրեան (5), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (4),  Պերճ տէր Սահակ-եան (6), Լեւոն Շառոյեան (10), Եփրեմ Թոքճեան (8):

Մրցոյթ 37.

***Քո՛ւ ճաշակովդ շարադրէ՛ հետեւեալը.

---Մաքրոն կոչ ըրաւ՝ Սուրիոյ մէջ բռնարարքները զսպելու եւ մեղսակիցնե-րը դատելու («Ազատ օր», 30/7/2025):

***Հետեւեալը կարելի է չորս բառով ալ ըսել. փորձէ՛.

---Եթէ իրականանայ այն, որ որոշ շրջանակներու մէջ շրջանառութեան մէջ դրուած է իբրեւ «Զանգեզուրի միջանցք» («Ակօս», 1509):

***Բառ մը իր տեղը չէ:

---Միայն 2025 թուականի յուլիս ամիսին պետական գանձարան վերադար-ձուած է 5 միլառ դոլար («Հայկական ժամանակ», 31/7/2025): 

***Վերաշարադասէ հետեւեալը. 

---Իսրայէլին կոչ կ’ուղղենք՝ չմիջամտելու մեր ներքին գործերուն եւ փոքրա-մասնութիւններուն խաղաքարտը չօգտագործելու («Ազդակ», 1/8/2025, էջ 8):

***Կրաւորական բայը՝հրահրուիլ,  վերածէ ներգործականի՝ հրահրել.

---«Ստեփանակերտի մէջ Այվազովսքիի յուշարձանին քանդումը Ատրպէյ-ճանի կողմէ պետական մակարդակով հրահրուող վանտալութիւն է («Ազատ օր», 4/8/2025):



Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com