image

Ընթացք առաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի հովուական այցը՝ Գանատա.Վեհը ժամանած է Մոնթրէալ

Ընթացք առաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի հովուական այցը՝ Գանատա.Վեհը ժամանած է Մոնթրէալ

 Օրերս ընթացք առած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի հովուական այցը Գանատա։ 

 Հովուական այցին մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ «Կիլիկիա» հարթակէն։

 Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝

Գանատայի հայոց թեմին ու Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ու Արեւմտեան հայոց թեմերուն տուած իր հովուապետական այցելութեան առաջին հանգրուանին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այսօր, Չորեքշաբթի, 15 Հոկտեմբեր 2025-ին, ժամանեց Մոնթրէալ (Գանատա): Օդակայանին մէջ Նորին Սրբութիւնը ընդունուեցաւ թեմի առաջնորդ սրբազանին՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեանի, Ազգային Վարչութեան անդամներուն, հոգեւոր դասուն եւ համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներուն կողմէ: 

Օդակայանի պատուոյ սրահին մէջ առաջնորդ սրբազանը յանուն թեմին ողջունեց Նորին Սրբութեան ժամանումը։ Այսօր Գանատայի Հայոց թեմը հոգեւոր խանդավառութեան մէջ է` պատիւ ունենալով ընդունելու Հայոց Հայրապետը, այս անգամ տօնական մթնոլորտով նշելու Նորին Սուրբ Օծութեան 30֊ամեայ գահակալութիւնն ու օծումը, ըսաւ ան։

Ապա, Վեհափառ Հայրապետը իր օրհնութիւնը տուաւ ներկաներուն՝ մաղթելով յաջողութիւն անոնց ազգաշէն ու եկեղեցանուէր ծառայութեան մէջ: Նորին Սրբութիւնը հայրական սիրոյ ու Աստուածային օրհնութեան մաղթանքներ ուղղեց նաեւ թեմի ժողովուրդին:

Ապա, նոյն երեկոյեան, Վեհափառ Հայրապետին իջեւանած պանդոկին մէջ ընթրիք մը սարքուեցաւ։ Նորին Սրբութեան սեղանակից դարձան առաջնորդ սրբազանը, հոգեւորականաց դասը եւ ազգային վարչութեան անդամները։