Եգիպտոսը հոկտեմբեր 14-ին Շարմ ալ-Շէյխի մէջ պիտի հիւրընկալէ խաղաղութեան միջազգային գագաթնաժողով, որու նպատակն է կանգնեցնել պատերազմը Կազայի գօտիին մէջ եւ խթանել Մերձաւոր Արեւելքի մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման գործընթացը։ Գագաթնաժողովը համատեղ պիտի նախագահեն Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսին եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը։
Գագաթնաժողովին պիտի մասնակցին 27 երկիրներու ղեկավարներ եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ։ Մասնակիցներու շարքին են՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը, Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերցը, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, Քաթարի էմիր Թամիմ պըն Համատ ալ-Թանին եւ այլք։
Միջոցառման ներկայ պիտի ըլլան նաեւ շարք մը միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ՝ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշը, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Քոսթան եւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթը։
Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակը յայտնած է, որ իսրայէլցի որեւէ պաշտօնեայ պիտի չմասնակցի գագաթնաժողովին։
Գագաթնաժողովը նաեւ պիտի անդրադառնայ Տանըլտ Թրամփի ներկայացուցած 20 կէտանոց խաղաղութեան ծրագրին, որու առաջին փուլով կը նախատեսուի հրադադար Կազայի մէջ եւ իսրայէլցի պատանդներու փոխանակում շուրջ 2,000 պաղեստինցի կալանաւորներու հետ։ Երկրորդ փուլով կը նախատեսուի նոր կառավարման մարմնի ստեղծում Կազայի մէջ, բազմազգ խաղաղապահ ուժի տեղակայում եւ «Համաս»-ի զինաթափում։
2023-ի հոկտեմբերէն ի վեր Իսրայէլի ցեղասպանական գործողութիւններու հետեւանքով Կազայի գօտիին մէջ զոհուած է աւելի քան 67,600 պաղեստինցի, որոնց մեծ մասը կանայք եւ երեխաներ են։