Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը տիկնոջ՝ Աննա Յակոբեանի հետ, Օհան Չուբարեանի անուան Արարատի մարզային գրադարանին մէջ մասնակցած է իր հեղինակած «Երկրի հակառակ կողմը» գիրքի քննարկման, որ տեղի ունեցած է գիրքն ընթերցած խումբ մը քաղաքացիներու հետ։
Նիկոլ Փաշինեանը մանրամասն ներկայացուցած է գիրքը գրելու ժամանակահատուածի, ընթացքի վերաբերեալ, խօսած ընդյատակեայ գործունէութեան մասին։
Նիկոլ Փաշինեանն անդրադարձած է գիրքի առանձին դրուագներուն, որոնց շուրջ ծաւալած է նաեւ քննարկում, պատասխանած ընթերցողներու հարցերուն ։
Միջոցառման ընթացքին բեմադրուած է նաեւ Նիկոլ Փաշինեանի հեղինակած «Չար տնակի հեքիաթը»։
Երկրի ղեկավարը կարեւորած է հանրապետութեան գրադարաններու մէջ նման միջոցառումներու կայացումն ու հանրութեան շրջանին ընթերցանութեան խթանման միտուած ծրագիրները։