Ինչպէս ամենատարբեր հայագաղութներու մէջ, նոյնպէս ալ Եգիպտոսի հայկական համայնքին համար տօնական օրեր էին։
Այս առումով ալ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Եգիպտոսի Հայոց Թեմէն ներս տեղի ունեցած Սուրբ Ծննդեան Տօնակատարութիւնները, նշելով անշուշտ, որ Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աշոտ եպս. Մնացականեան կը շարունակէ ձեռնհասօրէն հովուել Եգիպտոսի Հայոց Պատմական Թեմը, եղեցիին շուրջ համաբխմելով ամբողջ հայկական գաղութը, իր ամենատարբեր բաղադրիչներով։
Ստորեւ այդ մասին տրուած հաղորդագրութիւնը՝
Երկուշաբթի, 5 Յունուար 2026-ին, Գահիրէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Ս. Ծննդեան տօնի Ճրագալոյցի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց Գահիրէի Հոգեւոր Հովիւ Արժանապատիւ Տ. Յովսէփ Աւագ Քահանայ Ալեքսանեան։ Արարողութեան ներկայ էին Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդ Գերապայծառ Տ. Գրիգոր Օգոստինոս Եպիսկոպոս Գուսան եւ Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հայր Ֆիլիպոս Էյսա։
Երեքշաբթի, 6 Յունուար 2026-ին, Սուրբ Ծննդեան տօնական Ս. Պատարագը մատուցեց Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Աշոտ Եպիսկոպոս Մնացականեան:
Ս. Պատարագին` Գահիրէի Թեմական եւ Քաղաքական ժողովներու Դիւանի անդամներու ուղեկցութեամբ եկեղեցի ժամանեցին Եգիպտոսի Նախագահ Ապտ Էլ-Ֆաթթահ Էլ-Սիսիի ներկայացուցիչը՝ Ուալիտ Մուհամմէտ Ֆարհան, Եգիպտոսի Վարչապետի ներկայացուցիչը՝ Գահիրէի Նահանգապետ Դոկտ. Իպրահիմ Սապրի, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիար Արմէն Սարգսեան, Ղպտի Ուղղափառ Քոյր Եկեղեցւոյ Պետ Նորին Սրբութիւն Թաուատրոս Բ. Պատրիարքի ներկայացուցիչը՝ Աւագ քահանայ Սէրկիոս Սէրկիոս եւ Կիրկիս Սալէհ, Աուքաֆի Նախարարի ներկայացուցիչը՝ Շէյխ Էմատ Հասան Ահմատ Էմատ եւ պետական եւ հասարակական մարմիններու ներկայացուցիչներ։
Ներկայ էր Գահիրէի կեդրոն շրջանի եկեղեցիներու Ընդհանուր առաջնորդ Ռուֆայիլ Եպիսկոպոս, Տահէր թաղամասի Ս. Գէորգ, Ս. Յարութիւն, Աստուածածին եւ Միքայէլ Հրեշտակապետ եկեղեցիներէն քահանայ հայրեր, ինչպէս նաեւ Ջատագովական Աստուածաբանութեան կեդրոնի տնօրէն Մաթթա քահանան։
Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ «Ջրօրհնէք»-ի արարողութիւնը, որմէ ետք եկեղեցական թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Առաջնորդարան, ուր կատարուեցաւ տարւոյս առաջին «Տնօրհնէք»ի կարգը:
Ս. Պատարագի արարողութիւնը այս տարի եւս ուղիղ սփռուեցաւ եգիպտական ձայնասփիւռի Եւրոպական բաժինի Հայկական ռատիոժամի եթերէն։ Ս. Պատարագէն հատուածներ հեռարձակուեցան նաեւ Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ «ME sat» եւ Extra News արբանեակային հեռուստաալիքներու միջոցով։
ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆԸ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
ԴԻՒԱՆ՝ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ԳԱՀԻՐԷԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

