image

Վանիկ Տագէսեանի գլխաւորած ՍԴՀԿ Պատուիրակութեան այցը՝ Անթիլիաս

Վանիկ Տագէսեանի գլխաւորած ՍԴՀԿ Պատուիրակութեան այցը՝ Անթիլիաս

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի լուրերը տարածող «Կիլիկիա» հարթակէն կը կարդանք՝

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի Վարիչ Մարմինը, գլխաւորութեամբ ատենապետ Վանիկ Տագէսեանի, Ուրբաթ, 30 Յունուար 2026-ի երեկոյեան։ Վարիչ Մարմինին կ՚ընկերանար կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Ալեքսան Քէօշկէրեան։

Հանդիպման ընթացքին առաւելաբար քննարկուեցան Լիբանանի այժմու կացութեան առնչուած հարցեր։ Յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձան յառաջիկային տեղի ունենալիք Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւնները եւ երեք կուսակցութիւններու միացեալ ճիգով մասնակցելու կարեւորութիւնը։ Բնականաբար, անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան։

Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց երեք կուսակցութիւններուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հրամայականը եւ, իբրեւ համայնք, երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցելու եւ համայնքի թեկնածուներուն ի նպաստ քուէարկելու կարեւորութիւնը։