Մինչ Սուրբ Պատարագ կը մատուցուէր, մեծ հրդեհ մը ծագած Գահիրէի մերձ գտնուող «Ալ Ճիզա» շրջանի «Ապի Սայֆէյն» եկեղեցիին մէջ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Տը Ինտիփէնտըթ-արապիա» կայքէն։
Աղբիւրը կը նշէ, որ եկեղեցիին մէջ եղած հրդեհը եղած է ելեկտրական հոսանքի միացման անսարքութեան հետեւանքով եւ այդ պատճառով ալ զոհուած են 41 անձեր, մինչ տարբեր մակարդակի այրուածքներով հիւանդանոց տարուած են 45 ուրիշներ։
Եգիպտական ԱԻՆ մարմիններ կարեւոր ճիգեր տարած են հրդեհին հետեւանքները վերացնելու եւ նախնական օգնութիւն ցոյց տալու համար, մինչ երկրի նախագահ Ապտըլֆաթթահ Ալ Սիսի վշտակցութիւն յայտնած է տուժածներու ընտանիքներուն եւ ըսած, որ իրաւապահ մարմիններ մօտէն կը հետեւին զարգացումներուն եւ քննութիւն պիտի բացուի եղածին վերաբերեալ։
اللقطات الأولى لحريق #كنيسة_المنيرة بمصر الذي أسفر عن 41 قتيلاً و45 مصاباً بحسب مصادر أمنية لـ"رويترز" #نكمن_في_التفاصيل pic.twitter.com/6DcGpLbdAa
— Independent عربية (@IndyArabia) August 14, 2022