ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հարցումներուն կը պատասխանէ Մասեացոտնի թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գէորգ եպս. Սարոյեան:
-Սրբազան Հայր, օրերս նկատեցինք, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատուիրակներ։ Այս առումով ի՞նչ ունիք ըսելու, Արամ Ա. Կաթողիկոսը կը պատրաստուի՞ որպէս միջնորդ հանդէս գալ։ Կա՞յ այդպիսի օրակարգ։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգը որեւէ հաղորդագրութիւն չէ տարածած այդ մասին։ Յիշեալ այցի մասին տեղեկացած եմ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տեղեկատուական հարթակներէն եւ չեմ ցանկար որեւէ մեկնաբանութիւն տալ։
- Վերջին շրջանին տեղի ունեցած զարգացումներէն յետոյ կը նկատենք, որ Մայր Աթոռն ու գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդհանրապէս կ'ուզեն լռութեամբ դիմակայել այս բոլորը։ Արդեօ՞ք այս ճիշդ ճանապարհ է ըստ ձեզի եւ առաջիկային ի՞նչ կեցուածք ակնկալենք Մայր Աթոռէն։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւոր եւ վարչական կեդրոնն է եւ կ'առաջնորդէ Հայաստանեան եւ Սփիւռքեան թեմերը։ Եկեղեցին հարիւրաւոր համայնքներ ու բազմաթիւ կառոյցներ ունի, առկայ են լուծման կարօտ շարք մը խնդիրներ՝ հովուական, եկեղեցաշինական, կրթական, ընկերային եւ այլն։ Այդ ամէնը կը պահանջէ լուրջ աշխատանք եւ կ'ենթադրէ ծանրաբեռնուած եւ պատասխանատու առաքելութիւն, որ չի կրնար սահմանափակուիլ ամէն ժամ անպատշաճ արտայայտութիւններուն արձագանգելով։ Եկեղեցին զբաղած է վերոյիշեալ հարցերով, սակայն, անհրաժեշտութեան պարագային, միշտ կ'արձագանգէ մեր երկրին ու ժողովուրդին վերաբերող կարեւոր խնդիրներուն պահպանելով իր առաքելութեան յարիր խօսքի պատշաճութիւնը, հակառակ հասարակութեան կողմէ երբեմն սուր եւ համարժէք պատասխանի ակնկալիքներուն։ Մայր Աթոռը հակուած չէ արձագանգելու իւրաքանչիւր բամբասանքի, վիրաւորանքի կամ անհիմն յայտարարութեան։ Փոքր թուացող, բայց կարեւոր հանգամանքի մը վրայ ձեր ուշադրութիւնը հրաւիրեմ. Սուրբ Էջմիածինի յայտարարութիւններուն ոճն ու լեզուն նոյնիսկ կ'արտայայտեն Եկեղեցւոյ հոգատարութիւնն ու յարգանքը ոչ միայն սեփական ժողովուրդին, այլ նաեւ մայրենի լեզուի նկատմամբ, որն իր հերթին մեր ինքնութեան հիմնասիւներէն մէկն է։ Այս նրբութիւնն ինքնին շատ բան կ'ըսէ Եկեղեցւոյ որդեգրած մօտեցումներուն մասին։
-Եթէ Գահակալ Հայրապետին դէմ պայքարը աւելի սրուի, ի՞նչ պիտի ըլլայ հոգեւորականներուն կեցուածքը։ Եւ առհասարակ Եկեղեցին գոհունա՞կ է Սրբազան Հայրերու (Հայաստան թէ արտերկիր) որդեգրած կեցուածքներէն կամ շատ պարագաներու «լռութենէն»։
Մեր ցանկութիւնը չէ, որ այս պայքարը շարունակուի։ Եկեղեցին թիրախ դարձնելը խոր տարակուսանք առաջացուցած է մեր հասարակութեան մէջ։ Կ'աղօթենք եւ ամէն ջանք կը գործադրենք, որ երկրին մէջ հաստատուի համերաշխութեան մթնոլորտ, սակայն, Աստուած մի արասցէ, եթէ պայքարը Եկեղեցւոյ դէմ աւելի սրուի, մեր կեցուածքը չի կրնար փոխուիլ. Եկեղեցին պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը, անկախ հալածանքի չափէն։ Ի վերջոյ, հոգեւորականի կոչումը ոչ միայն Տէրոջ խօսքը քարոզելն է, այլ նաեւ Տէրոջ խաչը կրելը։ «Երանի՜ ձեզի երբ ձեզ նախատեն ու հալածեն եւ ստելով ձեր մասին ամէն տեսակ զրպարտութիւն ընեն իմ պատճառով» (Մատթ. 5։11),- կ'ըսէ մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս։ Ձեր հարցումին երկրորդ մասին անդրադառնալով՝ կը ցանկանք ընդգծել, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի ժողովական յայտարարութիւնները կ'արտայայտեն եպիսկոպոսաց դասուն միասնական դիրքորոշումը՝ ըստ Պօղոս առաքեալի խօսքին՝ «նոյն մտքով եւ նոյն համոզումով» (Ա Կորնթ. 1։10)։ Հոգեւորականներուս համար Եկեղեցւոյ միասնութիւնը եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ՝ նուիրապետական կարգին հաւատարմութիւնը մեր ուխտին անքակտելի մասը կը կազմեն։
-Իշխանութեան կողքը կանգնած շրջանակի մեծ մասը ափսոսանք կը յայտնէ, որ Մայր Աթոռը ցարդ չդատապարտեց Բագրատ Սրբազանի տան մէջ զինամթերք յայտնաբերելու երեւոյթը, այդ ինչո՞վ պայմանաւորուած է։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը հակուած չէ հաւատալու հնչած մեղադրանքներուն, եւ քանի դեռ առկայ չէ դատարանի որոշում, անհրաժեշտ է առաջնորդուիլ անմեղութեան կանխավարկածով։ Կը յորդորենք նաեւ չհիմնուիլ միայն մեղադրող կողմի հրապարակային յայտարարութիւններուն վրայ, այլ նաեւ լսել պաշտպանութեան կողմի ներկայացուցած պարզաբանումները։
-Եկեղեցին կը պատրաստուի՞ (եթէ պայքարը թէժանայ Կաթողիկոսի անձին դէմ) «բանադրել ու կապել» Նիկոլ Փաշինեանը։ Կա՞յ այդպիսի օրակարգ։
Թոյլ տուէք նկատել տամ, որ ձեր որոշ հարցումներուն մէջ կայ անուղղակի պնդում, թէ այս պայքարը միայն Կաթողիկոսին դէմ է։ Այս արշաւը անձի դէմ չէ, այս իրականութեան մէջ պայքար է Եկեղեցւոյ դէմ, որքան ալ ցանկան իշխանական քարոզչամեքենան աշխատցնել այլ ուղղութեամբ։ Կաթողիկոսի անձո՞վ պայմանաւորուած է բարձրաստիճան եկեղեցականներու եւ Եկեղեցւոյ բարերարի ձերբակալութիւնը, «Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկան դպրոցներէն հանելը, պատմութեան դասագիրքերուն մէջ Եկեղեցւոյ վերաբերող կարեւոր դէպքեր խեղաթիւրելը, Հայոց Հայրապետի ամանորեայ ուղերձը Հանրային հեռուստաընկերութեամբ հեռարձակելն արգիլելը, Ննջեցելոց յիշատակութեան օրերը աշխատանքային դարձնելը եւ այլն։ Այսինքն, Եկեղեցին թուլացնելու փորձեր կատարուած են նաեւ անցնող տարիներուն։ Ինչ կը վերաբերի ձեր բուն հարցին, նշենք, որ որոշ շրջանակներու մէջ, անոնց կարգին նաեւ քաղաքական, նման խօսոյթ կայ, սակայն այս փուլին Եկեղեցւոյ օրակարգին վրայ բանադրանքի կամ նզովքի հարց չկայ։ Իրականութեան մէջ, Եկեղեցւոյ համար այդ ամենեւին ալ ցանկալի եւ հեշտ որոշում չէ։ Անկախ առկայ հալածանքէն՝ Եկեղեցին կը մնայ աստուածահաստատ իր առաքելութեան մէջ՝ աղօթքով եւ համբերութեամբ սպասելով իւրաքանչիւր մոլորեալ հայորդիի վերադարձին եւ ապաշխարութեան։
-Իշխանութեան կողմէ հնչող «սպառնալիքներ»ը կամ ծայրայեղական խօսքերը կարելի՞ է տեղադրել Հայաստանի շուրջ առկայ աշխարհաքաղաքական բարդ իրավիճակին ու որոշման կեդրոններու միջեւ ընթացող խորքային պայքարներու շրջանակներուն մէջ։ Այլ խօսքով՝ իշխանութեան տարած գիծը կապ ունի՞ արտաքին ազդակներուն հետ։ Եթէ այդպէս է, ուրեմն ի՞նչ են հեռակայ նպատակները։
Այս արշաւը սանձազերծուեցաւ, երբ Զուիցերիոյ մէջ Հայոց Հայրապետին կողմէ բարձրաձայնուեցան Արցախի սրբավայրերու պահպանութեան, արցախահայերու իրաւունքներու եւ Ատրպէյճան պահուող գերիներու վերադարձման վերաբերեալ հարցերը։ Հայաստանի մէջ հակաեկեղեցական խօսոյթը համընկաւ Ատրպէյճանէն հնչող նոյնատիպ հռետորաբանութեան։ Երբեք չէինք ուզեր հաւատալ, որ այս արշաւը արտաքին ուժերու կողմէ ուղղորդուած է։ Եւ որպէսզի հանրութեան մէջ չըստեղծուի այդպիսի տպաւորութիւն, ՀՀ իշխանութիւնները պիտի փոխեն իրենց կեցուածքը եւ խօսոյթը։
-Ի վերջոյ, որպէս Հայաստան աշխարհի մէջ ծառայող հոգեւորական ինչպէ՞ս կը պատկերացնէք այս լարուած իրավիճակի հանգուցալուծումը։ Ելքեր կա՞ն ի վերջոյ։
Ինչպէս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի յայտարարութիւններուն, այնպէս ալ տարբեր եկեղեցականներու խօսքերուն մէջ հնչած են եւ կը շարունակեն հնչել կոչեր՝ դադրեցնելու արհեստականօրէն ստեղծուած այս արշաւը, որ որեւէ լաւ բանի չի կրնար յանգեցնել։ Այս ամէնը կը թուլացնէ մեր միասնականութիւնը, յատկապէս աշխարհաքաղաքական անորոշ զարգացումներուն առջեւ։ Պէտք է խիզախութիւն ունենալ կանգ առնելու, սթափօրէն վերլուծելու, թէ ո՞ր ուժերը կ'օգտուին հակաեկեղեցական այս արշաւէն։ Հարուածելով Եկեղեցին՝ կը թուլացնենք մեր պետականութեան հիմնասիւները։ Ելքեր միշտ կան, երբ կայ կամք, քաջութիւն, խոհեմութիւն եւ պետականամէտ մտածողութիւն։ Անցողիկ խնդիրները չեն կրնար եւ պէտք չէ վնասեն մեր պատմութեամբ ամրագրուած անանց արժէքները՝ Եկեղեցին եւ Պետականութիւնը։ Ինչպէս ես, այնպէս ալ իմ հոգեւոր եղբայրները պատրաստ ենք շահագրգիռ մարդոց հետ հանդիպիլ, բացատրել, թէ ինպէս կը ղեկավարուի Եկեղեցին, որոնք են Հայ Եկեղեցւոյ կառավարման բարձրագոյն մարմինները, ինչ կանոններով եւ որու կողմէ կ'ընտրուի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, ինչ դժուարութիւններու ու մարտահրաւէրներու առջեւ կանգնած է այսօր հոգեւոր կեանքը, ինչ ձեռքբերումներ արձանագրած է Եկեղեցին յետանկախութեան տարիներուն եւայլն։ Եկեղեցւոյ մասին հրապարակայնօրէն խօսող իւրաքանչիւր մարդ պարտաւոր է ունենալ գոնէ նուազագոյն պատկերացում Եկեղեցւոյ կարգ ու կանոնին, պատմական փորձառութեան եւ հոգեւոր առաքելութեան մասին։ Այլապէս հնչած դատողութիւններն իրականութենէն կտրուած կ'ըլլան եւ երբեմն նաեւ՝ մոլորեցնող։
Թող Տէրը իմաստութիւն շնորհէ մեր ազգին եւ հեռու պահէ ամէն տեսակ փորձութիւններէ։
Հարցազրոյցը՝ Սագօ Արեանի
«Ժամանակ»/Պոլիս