Երբ մտածենք, թէ ինչու ան այս ամէնը կ'ընէ եկեղեցւոյ դէմ, կը կարծենք, որ ան Թուրքիայէն եւ Ատրպէյճանէն տեղեկութիւն կը ստանայ եկեղեցւոյ պատմութիւնները փոխելու, ցեղասպանութիւնը մոռնալու եւ եկեղեցւոյ նոր առաջնորդ ունենալու կարգադրանքով, որպէսզի խաղաղութեան գործարքի երթայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ։ Եւ մենք կը զգանք, որ ան կ'ուզէ փոխել եկեղեցւոյ առաջնորդը, յետոյ՝ փոխել եկեղեցւոյ պատմութիւնները եւ ստիպել մեր ժողովուրդը մոռնալ այն ամէնը, ինչ մեր նախնիները ըրած են մեր քրիստոնէական կրօնքին համար, այս մասին ըսած է «Մեր ձեւով» շարժման համակարգող Նարեկ Կարապետեան՝ Թաքըր Քարլսոնին տուած հարցազրոյցին, որ հրապարակուած է հայերէն թարգմանութեամբ։
«Եւ այս այն է, ինչ մենք պէտք է ցոյց տանք մեր հասարակութեան, որ այս է անոնց գործելաոճը։ Անոնք կ'ուզեն ոչնչացնել ողջ պատմական ճշմարտութիւնը ինչ-ինչ պատճառներով։ Պատճառը, իբրեւ թէ, խաղաղութիւն ունենալն է, բայց մենք չենք կրնար։ Մենք պատրաստ ենք խաղաղութեան, բայց մէկուկէս միլիոն մարդ արդէն սպաննուած է։ Անոնք սպաննուած են իրենց կրօնքին համար Օսմանեան կայսրութեան մէջ։ Թուրքիան պէտք է ընդունի այդ, որովհետեւ անկէ յետոյ մենք կ'ապրինք աւելի խաղաղ տարածաշրջանի մէջ»,- ըսած է Նարեկ Կարապետեան։
Կարապետեան նշած է, որ իրենք աջակցութիւն կը ստանան Արեւմուտքէն, եկեղեցիներէն․ «Շատ մեծ աջակցութիւն կայ, եւ մենք շնորհակալ ենք անոր համար։ Եւ կ'ուզեմ մէկ բան ալ ըսել։ Ինչո՞ւ այս մարդիկ քաջ են՝ երբ դէմ կ'ելլեն իշխանութեան գաղափարներուն։ Իմ հօրեղբայր Սամուէլ Կարապետեանը եւ հոգեւորականները կրնան ազատիլ վաղը, եթէ ըսեն, որ եկեղեցւոյ կողքին չեն»։
Նարեկ Կարապետեան հարցազրոյցի ընթացքին խօսած է նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան, Հայաստանի մէջ հոգեւորականներու ձերբակալութեան, Սամուէլ Կարապետեանի կալանաւորման եւ շարք մը այլ հարցերու մասին։