Ժամանակակից արուեստի առաջատար դէմքերէն, յայտնի նկարչուհի Ասիլվա, վերջերս, Պոլսոյ կաթողիկէ հայոց Առաջնորդարանի Ս. Աստուածածին եկեղեցւո նուիրած է Ս. Մարիամ Աստուածածնին ձօնուած «հրաշագործ» պաստառ մը, որ իւրայատուկ արարողութեամբ մը օրհնուած է եւ իր մնայուն տեղը գրաւեց եկեղեցւոյ մուտքին։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Երէկ, 2 Հոկտեմբերի երեկոյեան ժամերուն, իւրայատուկ արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ կաթողիկէ հայոց Առաջնորդարանի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Հիւրեր եւ հրաւիրեալներ, հաւատացեալներ, հոն էին մասնակցելու համար օրհնութեան արարողութեան մը, որ կը կատարուէր պաստառի մը համար։
Ժամանակակից արուեստի առաջատար դէմքերէն նկարչուհի եւ քանդակագործ Ասիլվա գիծերու ոսկեայ հատման կանոնով եւ իւրայատուկ մեկնաբանութեամբ ձեւաւորած է Ս. Մարիամ Աստուածածնին ձօնուած պաստառ մը, վստահեցնելով որ որեւէ վրձնահարուած պարապ ձեւով չէ կատարուած, ինք բոլոր մանրամասնութիւնները յարմարցուցած է մաթեմաթիքական այդ կանոնին, ստեղծելով «հրաշագործ» պաստառ մը։ Արդարեւ, այս պաստառն է որ օրհնուեցաւ եւ իր մնայուն տեղը գրաւեց եկեղեցւոյ մուտքին, ձախ անկիւնը։
Արարողութեան նախագահեց Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ՝ Գերապայծառ Տ. Վարդան Թ. Ծ. Վրդ. Գազանճեան, իր շուրջ ունենալով Մխիթարեան Միաբանութեան հոգեւորականներ։ Հիւրերու միջեւ կը գտնուէին նաեւ բիւզանդածէս կաթողիկէ հունգարացի դպրեվանեցիներ, որոնք մէկ շաբթուան համար քաղաքս կը գտնուին եւ կը վայելեն նաեւ Գերապայծառ Հօր հոգածութիւնը։ Այս դպրեվանեցիները արարողութեան ընթացքին երգեցին Աստուածամօր նուիրուած հունգարերէն շարական մը։
Ապա բոլոր հոգեւորականներն ու նկարչուհի Ասիլվա քալեցին դէպի պաստառը, որ օրհնուեցաւ Գերապայծառի ձեռամբ եւ վար առնուեցաւ վարագոյրը։ Խօսելով պաստառի բուժիչ եւ հրաշագործ մասնայատկութիւններու մասին, Վարդան Գերապայծառը յայտնեց որ պաստառին մէջ բոլոր գոյները իւրայատուկ թրթռացում մը ունին եւ նկարչուհին կը հաւատայ որ անոնք կրնան բան մը փոխել մեր կեանքի մէջ։ «Այս պաստառը կրնայ հրաշագործ ազդեցութիւն մը ունենալ, այդ իսկ պատճառով մենք օրհնեցինք զայն, մեր աղօթքները ուղղուեցան նաեւ նկարչուհի Ասիլվային՝ առողջութեան մաղթանքներով», շեշտեց Առաջնորդ Գերապայծառը, ըսելով որ կը հաւատան թէ պաստառը կրնայ իսկապէս հրաշքներու առիթ ստեղծել։
Այնուհետեւ Առաջնորդարանի հիւրասրահին մէջ սարքուեցաւ փոքրիկ ընդունելութիւն մը, ուր ներկաները օրհնուած պաստառի մասին աւելի մանրամասն տեղեկութիւններ ստացան նկարչուհի Ասիլվայէն։ Ան պատրաստած է ծանօթագրական յատուկ գրութիւն մը, որ յառաջիկայ օրերուն պիտի զետեղուի պաստառին առջեւ եւ պիտի բացատրէ թէ ի՞նչ է պաստառի բացառիկութիւնը եւ ի՞նչպէս կրնայ ազդել մարդուն վրայ, հրաշք մը իրականացնելով։ «Եթէ գոնէ քառորդ ժամ մը ուշադրութեամբ դիտէք պաստառը եւ «տրուիք» անոր ազդեցութեան, ապա բոլոր գոյները իւրայատուկ թրթռացումներով ձեզի պիտի փոխանցուին ձեր մարմնի բջիջներով։ Աւելի՛ն, զայն որպէս պատկեր ուրուագծուած պիտի զգաք ձեր գլխու ետին։ Հրաշագործ ազդեցութիւն մը ունի, որովհետեւ ո՛չ մէկ գոյն, ո՛չ մէկ երանգ, ո՛չ մէկ գիծ դուրս կը մնայ ընդհանուր համաչափութենէն, ամէն ինչ պատրաստուած է գիծերու ոսկեայ հատումի համաձայն, հետեւաբար հրաշքներ կրնան պատահիլ», բացատրեց նկարչուհին։
Հիմա կը մնայ սպասել եւ արձանագրել թէ ե՞րբ տեղի պիտի ունենայ առաջին հրաշքը։