«Իմնեմնիմի» հաղորդաշարի համահեղինակ Վազգէն Սաղաթէլեանը ընկերային ցանցի իր էջին գրած է, որ դիմակաւորուած անձինք մտած են իր տուն։
Փաստաբան Ռուբէն Մելիքեանն ալ գրած է, որ ուժայինները խուզարկութիւն սկսած են նաեւ հաղորդաշարի միւս համահեղինակ` Նարեկ Սամսոնեանի տան մէջ։ Ան նշած է, որ Նարեկ Սամսոնեանը ձերբակալած են ու տարած են Քննչական կոմիտէ։
«Նախաձեռնուած քրէական վարոյթի շրջանակներում կատարւում են անյետաձգելի քննչական գործողութիւններ»,- 1lurer.am-ի հարցման ի պատասխան յայտնած է Քննչական Կոմիտէի խօսնակ Կիմա Ավդալեանը։