Սագօ Արեան լրագրողի էջ-էն կը կարդանք՝
Սկիւտարի Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ գերեզմանատան դէմ կատարուած պղծարարքը օրեր շարունակ խոր ցաւ ու արդար զայրոյթ պատճառեց ոչ միայն Պոլսոյ հայութեան, այլեւ ամէն հայու, որ գերեզմանը կը դիտէ որպէս յիշողութեան, հաւատքի եւ ինքնութեան սրբավայր։ Երբ ձեռք կը բարձրանայ շիրիմի վրայ, անիկա միայն քար մը չի կոտրէր. կը փորձէ խոցել յիշողութիւնը, վիրաւորել սերունդներու կապը եւ անարգանք հասցնել հանգուցեալներու յաւիտենական հանգիստին։
Օրերս, սակայն, կայ նաեւ մէկ դրական հանգամանք, որ արժանի է արձանագրուելու։ Յանցագործը բացայայտուած է, ձերբակալուած եւ արդարադատութեան յանձնուած։ Ըստ պաշտօնական տեղեկութիւններուն՝ ան ընդունած է իր արարքը եւ զղջում յայտնած՝ պատճառաբանելով, թէ գտնուած է ոգելից ըմպելիի ազդեցութեան տակ։ Օրէնքը իր խօսքը պիտի ըսէ, սակայն համայնքը իրաւունք ունի ակնկալելու, որ նման ոտնձգութիւններ այլեւս երբեք չկրկնուին։
Յատկապէս գնահատելի է Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի արագ եւ պատասխանատու վերաբերմունքը։ Վնասուած շիրիմներն ու շատրուանը արդէն վերանորոգուած են՝ արժանապատիւ կերպով վերականգնելով գերեզմանատան տեսքն ու խաղաղութիւնը։ Նոյնպէս շնորհակալութեան արժանի են այն պատասխանատու մարմինները, որոնք կարճ ժամանակի ընթացքին յանգեցան յանցագործին բացայայտման։
Բայց այս դէպքը նաեւ յիշեցում մըն է։ Մեր եկեղեցիները, գերեզմանատուները եւ պատմական կոթողները միայն անցեալի յիշատակներ չեն։ Անոնք ամենուրէք եւ այս պարագային Պոլսոյ մէջ մեր ներկայութեան կենդանի վկայութիւններն են եւ մեր գոյութեան անբաժանելի մասը։ Անոնց պաշտպանութիւնը պէտք է մնայ ոչ միայն համայնքային, այլեւ հասարակական եւ պետական պատասխանատուութիւն։

