image

Աֆրինի մէջ ձերբակալուած քիւրտ աւետարանական հովիւ Նիհատ Հասանի մտահոգութեան առանցք

Աֆրինի մէջ ձերբակալուած քիւրտ աւետարանական հովիւ Նիհատ Հասանի մտահոգութեան առանցք

Լիբանանի Քրտական Աւետարանական Եկեղեցին կը շարունակէ պահանջել Սուրիոյ իշխանութիւններէն՝ անմիջապէս ազատ արձակել քիւրտ աւետարանական հովիւ Նիհատ Հասանը, որ ձերբակալուած է Աֆրինի մէջ՝ ընկերային ցանցերու վրայ իրեն վերագրուող հրապարակումներու պատճառով։

Եկեղեցական աղբիւր մը յայտնած է, որ հովիւ Հասանը շուրջ 12 օր առաջ ձերբակալուած է, երբ Աֆրին ժամանած էր՝ իր ընտանիքին այցելելու նպատակով։ Ըստ աղբիւրին՝ ձերբակալութեան պատճառը եղած են որոշ հրապարակումներ, որոնց բովանդակութիւնը մինչեւ այժմ պաշտօնապէս չէ բացայայտուած։

Եկեղեցական ներկայացուցիչը նշած է, որ այս դէպքը աննախադէպ երեւոյթ է Սուրիոյ քիւրտ քրիստոնեաներու համայնքին համար։ Ան ընդգծած է, թէ այս պահուն կարելի չէ հաստատել, որ ձերբակալութիւնը կրօնական հիմք ունի, սակայն եթէ ապացուցուի, որ պատճառը կապուած է հովիւի դաւանանքին կամ կրօնափոխութեան հարցի հետ, ապա հետեւանքները կրնան վտանգաւոր ըլլալ ոչ միայն Սուրիոյ, այլ ամբողջ Միջին Արեւելքի մակարդակով։

Աղբիւրը յիշեցուցած է, որ վերջին տասնամեակներուն աճած է այն քիւրտերու թիւը, որոնք ընդունած են քրիստոնէութիւնը։ Քիւրտ քրիստոնեաներ այսօր կը բնակին Եւրոպայի, Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրաքի եւ Թուրքիոյ մէջ։ Սուրիոյ մէջ անոնց ներկայութիւնը յատկապէս կը նկատուի Քոպանիի, Հալէպի եւ Աֆրինի շրջաններուն մէջ։

Ըստ նոյն աղբիւրին՝ Սուրիական ճգնաժամի սկիզբին՝ 2011 թուականին, միայն Աֆրինի շրջանը ունեցած է շուրջ 250 քիւրտ քրիստոնեայ ընտանիք։ Ան կարծիք յայտնած է, որ եթէ քաղաքական պայմանները տարբեր ըլլային, այսօր այդ թիւը կրնար բազմապատիկ աւելի մեծ ըլլալ։

Միաժամանակ, Միջին Արեւելքի ամերիկեան դաշինքի ղեկավար Թոմ Հարպ «X» հարթակին վրայ կոչ ուղղած է ԱՄՆ-ի  կառավարութեան՝ ճնշում բանեցնելու Սուրիոյ իշխանութիւններուն վրայ՝ հովիւ Նիհատ Հասանի ազատ արձակման համար։ Ան ընդգծած է, որ կրօնական փոքրամասնութիւնները չեն կրնար ապահով զգալ այնպիսի իրավիճակի մէջ, երբ հոգեւորականներ կը ձերբակալուին իրենց կարծիքներուն համար։ Ան նաեւ կոչ ըրած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Քոնկրէսին՝ աշխատելու հովիւին անմիջական եւ առանց նախապայմանի ազատ արձակման ուղղութեամբ։

Իր հերթին, ամերիկեան «Christian Emergency Alliance» կազմակերպութիւնը յայտնած է, որ հովիւ Հասանի ձերբակալութիւնը կապուած է այն հրապարակումներուն հետ, որոնց մէջ ան քննադատած էր Աֆրինի մէջ քիւրտերու դէմ տեղի ունեցած ջարդը։ Կազմակերպութիւնը կոչ ուղղած է հաւատացեալներուն՝ աղօթելու հովիւին, անոր ընտանիքին եւ եկեղեցւոյ համար։

Դէպքը կը շարունակէ ուշադրութիւն գրաւել, քանի որ կը վերաբերի ոչ միայն անհատ հոգեւորականի մը ճակատագրին, այլ նաեւ Սուրիոյ մէջ կրօնական եւ ազգային փոքրամասնութիւններու ապահովութեան ու իրաւունքներու հարցին։