image

Դաւիթ Տօնոյեան պիտի շարունակէ մնալ կալանքի տակ

Դաւիթ Տօնոյեան պիտի շարունակէ մնալ կալանքի տակ

Հակակոռուպցիոն (հակափտածութեան)դատարանը մերժած է պաշտպանութեան նախկին նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի խափանման միջոցը փոխելու վերաբերեալ միջնորդութիւնը, ան պիտի շարունակէ մնալ կալանքի տակ։ Այդ մասին յայտնած է Բարձրագոյն դատական խորհուրդը։

Դաւիթ Տօնոյեանը կալանաւորուած է խոշոր չափերու յափշտակութիւն կատարելու կասկածանքով։ Անոր մեղադրանք առաջադրուած է զինուած ուժերու կարիքներու համար ռազմամթերքի մատակարարման գործընթացին մէջ Պաշտպանութեան նախարարութեան եւ զինուած ուժերու բարձրաստիճան պաշտօնատար անձանց կողմէ պաշտօնէական լիազօրութիւնները չարաշահելու եւ պաշտօնէական կեղծիքներ կատարելու դէպքի առթիւ յարուցուած քրէական գործի շրջածիրէն ներս։ Ըստ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան՝ Դաւիթ Տօնոյեանը, ինչպէս նաեւ «Մոսսթոն էնջինիերինգ» ընկերութեան տնօրէն Դաւիթ Գալստեանը, նոյն ինքը՝ «Պատրոն Դաւիթը», որպէս մեղադրեալ ներգրաւուած են առանձնապէս խոշոր չափերով՝ աւելի քան 2 միլիառ դրամ գումար յափշտակելու գործով։

1 Օգոստոսին Դաւիթ Տօնոյեանի մասնակցութեամբ 44-օրեայ պատերազմի հանգամանքներն ուսումնասիրող քննիչ յանձնաժողովի նիստէն ետք տեղեկութիւններ տարածուած էին, թէ ան ազատ պիտի արձակուի։ Տօնոյեան ինքը նիստի ընթացքին յայտարարած էր իր կալանքի բեկանման մասին․ «Յանկարծ որեւէ մէկի մտքով չանցնի՝ թէ՛ ընդդիմութեան, թէ՛ դիմութեան, որ ես ինչ-որ գործարքի եմ գնում (իշխանութեան հետ – խմբ․)։ Արդէն իմ կալանքի հետ կապուած Վերաքննիչ դատարանը որոշել է բեկանել»։ Յաջորդ օրը՝ 2 օգոստոսին, Բարձրագոյն դատական խորհուրդը (ԲԴԽ) յայտնած է, որ Տօնոյեանի խափանման միջոց կալանաւորումը դատարանի կողմէ չէ փոխուած։