image
Հրատապ լուրեր:

Մոսկուան ԱՄՆ-էն պարզաբանումներ կը պահանջէ. Լաւրով

Մոսկուան ԱՄՆ-էն պարզաբանումներ կը պահանջէ. Լաւրով

Մոսկուան ԱՄՆ-էն պարզաբանումներ պահանջած է՝ Ուքրանիոյ կողմէ Ռուսիոյ դէմ ուղղուած հարուածներուն մէջ ամերիկեան հետախուզութեան դերին վերաբերեալ։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ ԱԳ նախարար Սերկէյ Լաւրով՝ «Վեստի»ին տուած ընդարձակ հարցազրոյցին մէջ։

«Մենք վերջնագիրներ չենք ներկայացներ։ Մենք շարք մը հարցեր ներկայացուցած ենք Պետական բաժանմունքին՝ մեկնաբանութիւն խնդրելով, այդ կարգին՝ հետախուզական տուեալներու եւ այն իրողութեան վերաբերեալ, որ ԱՄՆ-ը շատ աւելի խոր ներգրաւուած է Ռուսիոյ տարածքի խորքին մէջ քաղաքացիական թիրախներու դէմ հարուածներու կազմակերպման եւ իրականացման գործին մէջ։ Մենք պիտի սպասենք պատասխանի»,– ըսած է Լաւրով։