Պոլսահայ խոստմնալից երիտասարդ դաշնակահար Պարէտ Չաղլըչուպուքճուն յաջողութեամբ ընդունուած է Վիեննայի Musik und Kunst Privatuniversität der Stadt Wien (MUK) համալսարանը։ Երիտասարդ երաժիշտը իր բարձրագոյն երաժշտական ուսումը պիտի շարունակէ հեղինակաւոր կրթօճախին մէջ՝ ուսանելով Փրոֆ. Քլաուս Շթիքընի դասարանին, արձանագրելով նոր կարեւոր ձեռքբերում մը իր երաժշտական ուղիին վրայ։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Այսօր ուրախ եւ պատուաբեր լուր մը ունինք մեր ընթերցողներուն։ Համայնքիս խոստմնալից երիտասարդներէն դաշնակահար Պարէտ Չաղլըչուպուքճու մեծ յաջողութիւն մը արձանագրած է իր երաժշտական ուսման ճամբուն վրայ։ Ան յաջողութեամբ անցնելով ընդունելութեան քննութիւններէն, ընդունուած է Վիեննայի Musik und Kunst PrivatuniversitHt der Stadt Wien (MUK) համալսարանը, ուր պիտի շարունակէ իր երաժշտական բարձրագոյն ուսումը։
Երիտասարդ երաժիշտը նաեւ ընտրուած է ուսանելու համալսարանի համբաւաւոր դասախօսներէն Փրօֆ. Քլաուս Շթիքընի դասարանին մէջ։
Պարէտ, որ որդին է մեր սիրելի երգչուհի Մարալ Այվազ-Չաղլըչուպուքճուի եւ Կարպիս Չաղլըչուպուքճուի, երաժշտական իր սկզբնական կրթութիւնը ստացած է ուսուցչուհի Պերիլ Էրենի մօտ, ապա մասնագիտական զարգացումը շարունակած է Փրօֆ. Պուրճու Ուրկունի ղեկավարութեամբ։ Այս վերջինս մեծ ներդրում ունեցած է անոր գեղարուեստական եւ մասնագիտական առաջընթացին մէջ։ Պարէտ նաեւ երկու տարի շարունակ սենեկային երաժշտութիւն ուսանած է դոկտ. Այրիս Շենթիւրքերի մօտ։
Վերջին չորս տարիներուն Պարէտ Չաղլըչուփուքճու ուսանած է Միմար Սինան գեղարուեստի համալսարանի պետական երաժշտանոցին մէջ, իր երաժշտական պատրաստութիւնը զարգացնելով փորձառու դասախօսներու հսկողութեան ներքեւ։
Վիեննայի մէջ ուսանելու այս իրաւունքը նոր դուռ մը կը բանայ երիտասարդ դաշնակահարին առջեւ՝ միջազգային երաժշտական միջավայրի մէջ իր ուսումը շարունակելու եւ մասնագիտական կարողութիւնները աւելի բարձր մակարդակներու հասցնելու ուղղութեամբ։
Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք սիրելի Պարէտը, որու ելոյթներու արձագանգները միշտ տեղ գտած են թերթիս սիւնակներուն մէջ։ Կը շնորհաւորենք նաեւ ծնողներն ու ընտանեկան բոլոր մերձաւորները։