image

Փարիզը պիտի շարունակէ աջակցիլ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ գործընթացին. Ֆրանսայի ԱԳՆ

Փարիզը պիտի շարունակէ աջակցիլ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ գործընթացին. Ֆրանսայի ԱԳՆ

 

Վերջին տարուան ընթացքին Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը կարեւոր ու վճռական քայլեր ձեռնարկած են իրենց ժողովուրդներուն համար խաղաղութիւնը իրականութիւն դարձնելու ուղղութեամբ։ Այս մասին ըսուած է Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց նախարարութեան խօսնակ Փասքալ Քոնֆավրոյի յայտարարութեան մէջ՝ նուիրուած 2025 թուականի Օգոստոս 8-ի Ուաշինկթընեան գագաթաժողովին։

«Այսօր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած պատմական համաձայնութեան առաջին տարեդարձն է։ Ֆրանսան կը յուսայ, որ խաղաղութեան պայմանագիրը պիտի ստորագրուի եւ վաւերացուի, սահմանները պիտի բացուին, տարածաշրջանային հաղորդակցութիւնները պիտի զարգանան, որ Հարաւային Կովկասը կրկին դառնայ լիարժէք գործակցութեան տարածք եւ Եւրոպան ու Ասիան իրարու կապող օղակ», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Փասքալ Քոնֆավրոն աւելցուցած է, որ Ֆրանսան իր եւրոպացի գործընկերներուն հետ պիտի շարունակէ աշխուժօրէն աջակցիլ այս գործընթացին՝ լիովին յարգելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը։