1,000 հրթիռ լիցքաւորուած է եւ ուղղուած է դէպի Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն, իսկ հազարաւոր այլ հրթիռներ անմիջապէս պիտի արձակուին, եթէ Իրանի կառավարութիւնը գործադրէ աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ հնչեցուցած իր սպառնալիքը՝ սպաննելու կամ սպաննելու փորձ կատարելու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահի, այս պարագային՝ իմ նկատմամբ։ Այս մասին գրած է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը։
«Հրամաններն արդէն տրուած են, եւ Միացեալ Նահանգներու զինուած ուժերը պատրաստ են, վճռակամ են եւ լիովին ունակ են, անհրաժեշտութեան պարագային՝ մէկ տարուան ընթացքին, ժամկէտը երկարաձգելու հնարաւորութեամբ, ամբողջովին աւերելու եւ ոչնչացնելու Իրանի բոլոր շրջանները»,-գրած է ան։