image

Չինաստանէն պատիժներ Գանատայի եւ Միացեալ Նահանգներու դէմ

Չինաստանէն պատիժներ Գանատայի եւ Միացեալ Նահանգներու դէմ

Չինաստանը 28 մարտին, պատասխան պատժամիջոցներ սահմանած է կրօնական ազատութիւններու հարցով ամերիկեան պետական յանձնաժողովի նախագահի եւ փոխնախագահի, ինչպէս նաեւ մէկ Գանատացի փաստաբանի դէմ:

Ինչպէս կը հաղորդէ Reuters գործակալութիւնը, Չինաստանի այս որոշումը պատասխանն է ԱՄՆ-ի եւ Գանատայի սահմանած պատժամիջոցներուն՝ կապուած Սինցզեանը ներկայացնող պաշտօնեաներու հետ:

Փեքին դէմ հանդէս եկած է ԱՄՆ-ի, ԵՄ-ի, Բրիտանիոյ եւ Գանատայի սահմանած պատժամիջոցներուն, որոնք ուղղուած են Սինցզեան շրջանի ույղուր իսլամներու իրաւունքներու խախտման համար պատասխանատու պաշտօնեաներուն դէմ: 

Բացի այդ, պատժամիջոցներու տակ յայտնուած է Գանատայի Համայնքներու պալատի միջազգային զարգացման եւ արտաքին հարցերով տեւական յանձնաժողովի մարդու իրաւունքներու հարցով ենթայանձնաժողովը:

Նշուած է, որ պատժամիջոցներու ենթարկուող անձերը չեն կրնար մուտք գործել Չինաստանի տարածք, նաեւ՝ Հոնկ Քոնկ եւ Մաքաո: Չինական կազմակերպութիւններուն եւ քաղաքացիներուն արգիլուած է առեւտրային գործունէութիւն ծաւալել անոնց հետ: