Արեւմտեան երկիրները կը փորձեն ամրապնդել իրենց ազդեցութիւնը Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ։ Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, այս մասին ճեպազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) միացեալ շտաբի պետ, զօրավար-գնդապետ Անտրէյ Սերտիւքովը։
«Յատկապէս մտահոգիչ է Կովկասի տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակը, որ կը բնութագրուի հին, չլուծուած հակասութիւններու եւ նոր աշխարհաքաղաքական մարտահրաւէրներու համադրութեամբ։ Ասիկա մեծապէս պայմանաւորուած է Արեւմտեան երկիրներու կողմէ Հարաւային Կովկասին մէջ իրենց ազդեցութիւնը ամրապնդելու փորձերով»,– նշած է ան։
Խօսելով Կեդրոնական Ասիոյ մասին՝ ՀԱՊԿ միացեալ շտաբի պետը շեշտած է, որ Աֆղանիստանի մէջ գործող բազմաթիւ միջազգային ծայրայեղական եւ ահաբեկչական խմբաւորումներ բացասաբար կ՚անդրադառնան տարածաշրջանի կայունութեան եւ անվտանգութեան վրայ։ Սերտիւքովի խօսքով՝ ասիկա կը ստեղծէ յարակից տարածքներ ահաբեկչութեան արտահանման իրական սպառնալիք։ Անոր համոզմամբ՝ իբրեւ լուրջ մարտահրաւէր կը շարունակէ մնալ արմատական գաղափարախօսութեան տարածումը եւ թմրանիւթերու ապօրինի շրջանառութիւնը։
«Ընդհանուր առմամբ, կազմակերպութեան պատասխանատուութեան գօտիին մէջ իրավիճակը կը մնայ լարուած եւ անկանխատեսելի։ Հաշուի առնելով միջազգային յարաբերութիւններու շարունակական վատթարացումը՝ հակամարտութեան հաւանականութիւնը միայն պիտի աճի»,– եզրափակած է ՀԱՊԿ միացեալ շտաբի պետը։