Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու 20-րդ փաթեթը պիտի ընդունուի փետրուար 23-ին՝ համայնքի երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու նիստի ընթացքին։ Այս մասին յայտարարած է Եւրոպական Միութեան դիւանագիտութեան ղեկավար Քայա Քալլասը։
«Յառաջիկայ երկուշաբթի մենք կը նախատեսենք ընդունիլ Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու 20-րդ փաթեթը», ըսած է ան՝ Քրաքովի մէջ կայացած Եւրոպական հնգեակի երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու հանդիպման արդիւնքներու վերաբերեալ։
Պատժամիջոցները գործարկելու մտադրութեան մասին Եւրոպական դիւանագիտութեան ղեկավարը յայտնած է՝ հակառակ Պրիւքսելի մէջ ընթացող նիստերուն Եւրոպական Միութեան երկիրներու մշտական ներկայացուցիչներուն միջեւ համաձայնեցման հետ կապուած ակնյայտ խնդիրներուն։
Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ յայտարարուած էր, որ Եւրոպական Միութեան երկիրներու ներկայացուցիչները չէին կրցած համաձայնութեան գալ Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու 20-րդ փաթեթին շուրջ։