image

Բերձորի մէջ ատրպէյճանեան օդակայա՞ն. Ալիեւի այցելութիւնը

Բերձորի մէջ ատրպէյճանեան օդակայա՞ն. Ալիեւի այցելութիւնը

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը եւ առաջին փոխնախագահ Մեհրիպան Ալիեւան երկուշաբթի այցելած են Արցախի՝ 44-օրեայ պատերազմէն ետք Պաքուի վերահսկողութեան տակ անցած Քարվաճառի եւ Քաշաթաղի շրջաններ, գրած է minval.az-ը:

Անոնք մասնակցած են Մռավի լեռնաշղթային մէջ (Մուրովդաղ) կառուցուելիք փապուղիի (թունել) հիմնարկեքին, ծանօթացած են Քաշաթաղի փոքր ջրաելեկտրակայանին մէջ իրականացուող աշխատանքներուն: Այնուհետեւ տեղի ունեցած է «Քելբաջար» 110/35/10 քիլոուոլթ հզօրութեամբ ենթակայանի բացումը:

Այցի ընթացքին Ալիեւ մասնակցած է նաեւ Քարվաճառ-Բերձոր մայրուղիի վրայ կառուցուելիք փապուղիի (ունել), ինչպէս նաեւ Բերձորի միջազգային օդակայանի հիմնարկեքին: