image

«Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբի այցելութիւնը Հայ Ազգային Ծերանոց

«Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբի այցելութիւնը Հայ Ազգային Ծերանոց

Հինգշաբթի, 23 յուլիս 2026-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբի անդամները երկրորդ տարին ըլլալով այցելեցին Ազգային ծերանոց:

Այս գեղեցիկ նախաձեռնութիւնը դարձաւ «Նարեկացի»-ի բարի աւանդութիւններէն մէկը` նպատակ ունենալով մօտենալ մեր տարեցներուն եւ անոնց պարգեւել սիրալիր եւ յիշարժան պահեր:

Այցելութեան ընթացքին անդամները առիթ ունեցան հանդիպելու մեր սիրելի մամիկներուն եւ պապիկներուն, լսելու անոնց յուշերը եւ իրենց ներկայութեամբ անոնց բաժնելու ջերմութիւն եւ ուրախութիւն: Այս առիթով շեշտուեցաւ տարեցներուն հանդէպ յարգանքի, սիրոյ եւ հոգատարութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ` անոնց յաճախ այցելելու եւ ընկերակցելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի անոնք զգան մեր սէրը իրենց հանդէպ:

Օրուան անակնկալն էր «Հայ շեփոր» խումբը, որ ուրախ պահեր պարգեւեց բոլորին:

Աւարտին տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն, ինչպէս նաեւ փոքրիկները մեր սիրելի տարեցներուն ծաղիկներ նուիրեցին, որոնք տրամադրուած էին ծաղկավաճառ «Անթոնի»-ի կողմէ: