Լիբանանեան աղբիւրներ կը գրեն, որ երկար ժամանակէ ի վեր Բարակուէյ հաստատուած Ուիսամ Իտրիս անարգ ոճիրի մը զոհ գացած է։
Bnt Jbeil Կայքը մասնաւորապէս կը նշէ, որ երկու անծանօթներ մօտեցած են վերջինիս Սիտատ Տէլ Էսթէ քաղաքին մէջ գտնուող տան։ Անոնք թակելէ ետք անոր դուռը արագօրէն կրակ բացած են Իտրիսին ուղղութեամբ եւ տեղն ու տեղը սպաննած զինք։
Կը նշուի նաեւ, որ տարեկան Իտրիս կը համարուէր յաջողութիւններու հասած առեւտրական մը եւ ան վերջին տարիներուն կը զբաղուէր ելեկտրական սիկարէթի մեծաքանակ առեւտուրով։
Իտրիս ամուսնացած էր եւ հայր զաւակներու։
Բարակուէյի լրատուական աղբիւրներ, որ նոյնպէս տարածած են այս լուրը հաղորդած են, որ մինչեւ այս պահը ոստիկանութիւնը, ոչինչ հաղորդած է եղածին վերաբերեալ։
Կը նշուի նաեւ, որ մամուլով ներկայացուած ոճրագործի լուսանկարը (տեսնել ներքեւը) առնուած է Իտրիսի տան շուրջ տեղադրուած տեսախցիկներէն։