image

Նախագահ զօր. Աուն պարգեւատրեց Լիբանանցի տաղանդաւոր դերասան՝ Ժորժ Խապպազը

Նախագահ զօր. Աուն պարգեւատրեց Լիբանանցի տաղանդաւոր դերասան՝ Ժորժ Խապպազը

Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզէֆ Աուն օրերս պարգեւատրած է լիբանանեան թատերական կեանքի ակնռաու դէմքերէն՝ Ժորժ Խապպազը։

«Արեւելք» այս մասին տեղեկացաւ mtv կայանի դիմատետրեան էջէն:

Ստորեւ լուրին մասին հրապարակուած տեղեկատւութիւնը՝

Նախագահ զօր. Ժոզէֆ Աուն բարձր պարգեւատրեց արժանաւոր դերասան կատակերգակ, գրող, բեմադրիչ, երաժիշտ եւ արտադրող՝ Ժորժ Խապպազը։

Կը նշուի, որ Խապպազի Արծաթէ շքանշանով պարգեւատրուիլը, նշան է անոր ակնառու գեղարուեստական ​​ներդրումին եւ ստեղծագործական աշխատանքներուն, որոնք կը մարմնաւորեն լիբանանեան ընկերային իրականութիւնը անոր մտաւոր եւ պատմական նկարագրով։