Հարիւր-հազարաւոր լիբանանցիներ ստիպուած եղած են լքել երկրի Հարաւը գտնուող իրենց բնակավայրերը։ Երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակը նոր տագնապ մը պիտի դառնայ կառավարութեան համար։
Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը։
Լիբանանի հարաւային շրջաններուն մէջ լարուած իրավիճակը նոր զարգացում մը արձանագրեց։ Տարածուող տեղեկութիւններու համաձայն՝ շուրջ 100.000 լիբանանցիներ կը լքեն իրենց բնակավայրերը եւ կը շարժին դէպի աւելի ապահով շրջաններ։
Տեղահանուածներու հոսքը նոր ծանր բեռ մը կը դնէ արդէն իսկ տնտեսական ու քաղաքական ճգնաժամի մէջ գտնուող Լիբանանի վրայ։ Գաղթականութեան հարցը կը դառնայ լուրջ հիմնահարց՝ բնակարանային, առողջապահական եւ ընկերային ապահովութեան ոլորտներուն մէջ։
Վերլուծաբաններու համաձայն՝ ստեղծուած կացութեան մէջ «Հըզպալլա»ն չի ցուցաբերեր այն կարողութիւնը, որով պիտի կարենար լիարժէք նեցուկ կանգնիլ իրեն համակիր հանդիսացող բնակչութեան։ Արդիւնքով՝ բեռը կը մնայ Լիբանանի կառավարութեան ուսերուն, որ անգամ մը եւս ստիպուած պիտի ըլլայ դիմելու երկրի միւս համայնքներու աջակցութեան եւ համերաշխութեան։
Իրավիճակը կը մնայ լարուած, եւ յառաջիկայ ժամերը կրնան աւելի յստակ պատկեր մը տալ զարգացումներուն մասին։