Այսօր տարածաշրջանին մէջ իրական խաղաղութիւն եւ կայունութիւն է: Քայլեր կը ձեռնարկուին Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ։ Այս մասին իրանեան Tasnim News գործակալութեան տուած հարցազրոյցին յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահի օգնական, նախագահի աշխատակազմի արտաքին քաղաքականութեան վարչութեան պետ Հիքմեթ Հաճիեւը։
«Տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած են խաղաղութեան համար շատ բարենպաստ պայմաններ: Հարաւային Կովկասի մէջ ի յայտ եկած է նոր «սթաթուս քո» եւ նոր իրականութիւն: Պաշտօնական Պաքուն հայկական կողմին ներկայացուցած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ խաղաղութեան պայմանագրի բնագիրը: Սա յստակ ապացոյց է այն բանի, թէ որքանով Ատրպէյճանը հաւատարիմ է տարածաշրջանային խաղաղութեան օրակարգին, որքանով այն կ՚աջակցի ատոր: Դրական կողմն այն է, որ խաղաղութեան պայմանագրի բնագիրը համաձայնեցուած է»,-ըսած է Հաճիեւը:
Հաճիեւ նաեւ ըսած է, որ դեռ կան բաց հարցեր, որոնք չեն համաձայնեցուած Հայաստանի հետ: Ըստ Հաճիեւի, տարածաշրջանին մէջ երկարատեւ եւ վերջնական խաղաղութեան հասնելու համար անհրաժեշտ է «փոխել Հայաստանի սահմանադրութիւնը», ուր, ըստ Պաքուի, «տարածքային պահանջներ կան Ատրպէյճանի նկատմամբ»։
«Բայց մենք կրնանք գոհունակութեամբ ըսել, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի անկախութենէն ի վեր տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած են խաղաղութեան համար բարենպաստ պայմաններ: Այսօր տարածաշրջանին մէջ իրական խաղաղութիւն եւ կայունութիւն է: Փաստացի կրնանք ըսել, որ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն է։ Ատրպէյճանը պիտի շարունակէ ջանքեր գործադրել, որ սա իրաւականօրէն պաշտօնականացուի, որ տարածաշրջանին մէջ վերջնական խաղաղութիւն հաստատուի», –ըսած է Հաճիեւ։