image

Այցելութիւն Լոս Անճելըս գաւառի Հայ բանտարկեալներուն եւ խաղողօրհնէք

Այցելութիւն Լոս Անճելըս գաւառի Հայ բանտարկեալներուն եւ խաղողօրհնէք

Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի օրհնութեամբ եւ Ազգային Առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ, Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան եւ Րաֆֆի Սրկ. Կարապետեան այցելած են Լոս Անճելըսի գաւառի հայ բանտարկեալներուն՝ կատարելով խաղողօրհնէքի արարողութիւն, Ս. Հաղորդութիւն բաշխելով եւ հոգեւոր մխիթարութիւն փոխանցելով անոնց։

Սեպտեմբեր 18ին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի արտօնութեամբ ու օրհնութեամբ, Ազգային առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ բանտային ծառայութիւններ մատուցող՝ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պօղոս քհնյ. Պալթայեան եւ Րաֆֆի սրկ. Կարապետեան այցելեցին Լոս Անճելըս գաւառի հայ բանտարկեալներու խուցերը  եւ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով կատարեցին խաղողօրհնէքի արարողութիւն, ապա Ս. հաղորդութիւն բաշխեցին բարոյահոգեբանական կարիքի մէջ գտնուող հայ երիտասարդներուն, անոնց փրկութեան համար հայցելով Աստուծոյ ողորմութիւնն ու օգնութիւնը: 

Յետ այցելութեան, յանուն առաջնորդ սրբազան հօր, բոլոր հայ բանտարկեալներուն բաշխուեցան երկլեզու աղօթագիրքեր եւ հոգեւոր գրականութիւն: Բանտարկութեան մէջ գտնուող հայ երիտասարդները հոգեպէս լիցքաւորուած՝ գոհունակութիւն եւ փառք տուին Աստուծոյ, ապա շնորհակալ սրտով բաժնուեցան զոյգ ծառայողներէն:

Յայտնենք, որ Քրիստոսի՝ «Բանտն էի, ինծի այցելութեան եկաք» խօսքը իրենց ծառայական առաքելութեան բնաբանը ըրած տէր Պօղոս եւ Րաֆֆի սարկաւագ շաբաթական դրութեամբ կ՛այցելեն հայ բանտարկեալներու խուցերը, ուր հոգեւոր դաստիարակութիւն կ՛իրականացնեն, անոնց պատգամելով՝ Յիսուսը ընդունիլ իբրեւ կեանքի ուղեցոյց, քրիստոնէական հաւատքի մէջ հզօրանալ, յաւիտենական փրկութեան յոյսը վառ պահել ու մխիթարութեան եւ հոգեկան անդորրութեան համար խնդրել Աստուծոյ օգնութիւնը: