image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճանը ոչ կառուցողական. Գերմանացի պաշտօնատար

Ատրպէյճանը ոչ կառուցողական. Գերմանացի պաշտօնատար

Գերմանիան ներկայացնող Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւոր, արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի եւ անվտանգութեան ու պաշտպանութեան ենթայանձնաժողովի մշտական անդամ Լարս Փաթրիք Պըրկ ԵՄ արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն ներկայացուցիչ Ճոզեփ Պորելին հարց ուղղած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակի սրացման վեարբերալ: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»-ը, վկայակոչելով «European Neighbourhood Monitor»-ի կայքէջը, հարցին միացած են Եւրոպական խորհրդարանի խումբ մը այլ պատգամաւորներ:

Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորը զգուշացուցած է, որ այն պարագային, երբ ամբողջ աշխարհի ուշադրութիւնը կեդրոնացած է ռուս-ուքրանական հակամարտութեան վրայ, իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կը վատթարանայ։

«Ատրպէյճանական զօրքերը յարձակած են Փարուխ գիւղի վրայ 2022 թուականի մարտ 24-ին եւ հրադադարի ռեժիմը խախտած են 2022 թուականի մայիս 28-ին ՝ մահացու վիրաւորելով մէկ հայ զինուորի: Այդ տեղի ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կոշտ յայտարարութենէն մէկ օր անց, որ ուժի կիրառումը ներկայացուց որպէս միջազգային իրաւունքի պահպանումն ապահովելու փորձ՝ յայտարարելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնն ամբողջութեամբ կարգաւորուած է: Ան պահանջներ ներկայացուցած է Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ եւ օգտագործած կտրուկ բառեր՝ յայտարարելով, թէ «ազգայնականները Հայաստանի մէջ պէտք չէ նային մեր կողմը, եթէ չեն ուզեր, որ իրենց գլուխները կրկին կոտրուին»,- նշուած է հարցման մէջ:

Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորի խօսքով՝ այդ գործողութիւններն ու յայտարարութիւնները բացայայտ կը հակասեն 2020-ի նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթներուն, ինչպէս նաեւ 2022-ի մայիս 22-ին Պրիւքսէլի մէջ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ ԵՄ-ի միջեւ եռակողմ հանդիպումէն ետք եղած յայտարարութեան ոգիին:

«Այդ պատճառով մենք կը ցանկանայինք հարցնել յանձնաժողովի փոխնախագահին/ արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն ներկայացուցիչին, թէ ինչ քայլեր կը ձեռնարկէ Արտաքին գործողութիւններու եւրոպական ծառայութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռազմական գործողութիւններու վերսկսումը կանխելու եւ կողմերու միջեւ կառուցողական երկխօսութիւնը շարունակելու համար»,- նշուած է պատգամաւորներու հարցին մէջ:

Ի պատասխան ՝ ԵՄ գերագոյն ներկայացուցիչը յայտարարած է, որ ԵՄ-ն խորապէս մտահոգուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ վերջերս տեղի ունեցած միջադէպերով եւ հետագայ սրացումի ռիսքերով: Յանձնաժողովը կը ցաւի մարդոց մահուան համար։

«ԵՄ-ն դրական կը վերաբերի Հայաստանի վարչապետի եւ Ատրպէյճանի նախագահի հետ Եւրոպական խորհուրդի նախագահի ղեկավարութեամբ եռակողմ բանակցութիւններու շարունակականութեան: Այդ ջանքերն արդէն շատ արդիւնքներ տուած են, բայց խաղաղ գործընթացը երբեք առանց դժուարութիւններու չըլլար։ ԵՄ-ի նպատակը տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան եւ անվտանգութեան համապարփակ համաձայնագրին աջակցիլն է»,- նշուած է ԵՄ արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն ներկայացուցիչի պատասխանին մէջ: