image

«Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները ստիպուած է...». Իրանցի պաշտօնատար

«Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները ստիպուած  է...». Իրանցի պաշտօնատար

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները վաղ թէ ուշ ստիպուած պիտի ըլլայ վերականգնելու Իրանի հետ յարաբերութիւնները՝ Մերձաւոր Արեւելքի հակամարտութեան աւարտէն ետք։ Այս մասին յայտարարած է ԱՄԷ-ի նախագահին դիւանագիտական հարցերով խորհրդական Անուար Կարկաշը։

«Իրանի հետ յարաբերութիւնները կը մնան կեդրոնական հարց ոչ միայն ԱՄԷ-ի, այլեւ Պարսից ծոցի բոլոր երկիրներու համար։ Իրանը կը մնայ մեր դրացին, եւ ինչ որ պահի մենք ստիպուած պիտի ըլլանք միջոց գտնել՝ վերականգնելու այն, ինչ որ կարելի է վերականգնել։ Աշխարհագրութիւնը մեզի այլընտրանք չի ձգեր», ըսած է ան Ապու Տապիի մէջ Միջին Արեւելքի աշխարհաքաղաքականութեան, տնտեսութեան եւ անվտանգութեան հարցերուն նուիրուած միջազգային համաժողովին ընթացքին։