Պաքուն հրաժարած է Ուաշինկթընի մէջ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումէն, յայտնած է Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը։
Ինչպէս հաղորդած է Trend-ը, որպէս հրաժարման պատճառ նշուած է «Միացեալ Նահանգներու միակողմանի մօտեցումը», որ, ըստ Պաքուի, կրնայ պատճառ դառնալ, որ Միացեալ Նահանգները կորսնցնէ միջնորդի իր դերը:
Այս մասին ըսուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Ճէյմս Օ'Պրայընի՝ 15 նոյեմբերին Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի Եւրոպայի հարցերով ենթայանձնաժողովին մէջ լսումներու ժամանակ ըրած յայտարարութիւններու վերաբերեալ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մեկնաբանութեան մէջ։
«Կարեւոր է նշել, որ այս պայմաններուն մէջ մենք հնարաւոր չենք համարեր 2023 թուականի նոյեմբեր 20-ին Ուաշինկթընի մէջ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով հանդիպում կայացնելը»,-ըսուած է մեկնաբանութեան մէջ։
Պաքուն աննպատակայարմար կը համարէ ԱՄՆ պաշտօնեաներու այցերը երկիր
Պաքուն նաեւ «անտեղի կը համարէ» ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու այցերը Ատրպէյճան։
«Ինչ կը վերաբերի այն յայտարարութեան, թէ ամերիկեան կողմը յետաձգած է Ատրպէյճանի հետ բարձր մակարդակի երկկողմ հանդիպումներու եւ շփումներու կայացումը, եւ այն յայտարարութեան, թէ «մեր երկկողմ յարաբերութիւնները չեն կրնայ ըլլալ նոյնը», կ՚ուզենք նշել, որ յարաբերութիւնները չեն կրնար ըլլալ միակողմանի։ Նոյն մօտեցումը հաւասարապէս կը կիրառուի նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ։ Նման պայմաններու մէջ մենք անտեղի կը համարենք նաեւ Միացեալ Նահանգներու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու այցելութեան հնարաւորութիւնը Ատրպէյճան»,- նշուած է մեկնաբանութեան մէջ։
Յիշեցնենք, որ երէկ Ճէյմս Օ'Պրայըն նաեւ ըսած էր. «Մենք ըսած ենք, որ սեպտեմբեր 19-ի դէպքերէն ետք Ատրպէյճանի հետ ոչ մէկ բան բնականոն պիտի ըլլայ, քանի դեռ իրական առաջընթաց չենք տեսներ խաղաղութեան գործընթացին մէջ։
Մենք չեղարկած ենք շարք մը բարձրաստիճան այցեր, դատապարտած ենք Ատրպէյճանի գործողութիւնները։ Եւ մենք չենք նախատեսեր 907 բանաձեւի շրջանցում նախաձեռնել, քանի դեր իրավիճակի իրական բարելաւում չենք տեսած։ Այս ամէնն ուղղուած է խաղաղութեան խթանման»։