image

Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու կրակոցէն վիրաւորուած զինծառայողը վիրահատուած է

Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու կրակոցէն վիրաւորուած զինծառայողը վիրահատուած է

Արարատի մարզի Պարոյր Սեւակի հատուածին մէջ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու կրակոցէն վիրաւորուած զինծառայողը վիրահատուած է։ Այս մասին յայտնած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի խօսնակ Արամ Թորոսեանը։

«Վիրահատուել է, վիճակը գնահատւում է կայուն, գտնւում է հոսպիտալի բուժանձնակազմի հսկողութեան տակ», -ըսած է Թորոսեան։

Յիշեցնենք, որ նոյեմբեր 18-ին՝ ժամը 09:50-ի սահմաններուն, Պարոյր Սեւակի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքի ուղղութեամբ Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու արձակած կրակոցի հետեւանքով հրազէնային վիրաւորում ստացած է ՀՀ ՊՆ N զօրամասի զինծառայող Է. Հ.-ն:

Զինծառայողի առողջական վիճակը գնահատուած է միջին ծանրութեան, անոր կեանքին վտանգ չի սպառնար։

Դէպքի հանգամանքները ամբողջովին պարզելու նպատակով կ՚ընթանայ քննութիւն: