Ատրպէյճանի տարածքով դէպի Հայաստան ցորենի ներկրումը կը շարունակուի, ճանապարհին նոր խմբաքանակներ կան՝ լրագրողներու հետ զրոյցին տեղեկացուցած է տնտեսութեան նախարարը:
Հարցին՝ հնարաւո՞ր է՝ Հայաստանէն քոնեակ արտահանուի՝ Գէորգ Պապոյեանը պատասխանած է՝ թեման պիտի քննարկուի, սակայն գործարարները շիշերով արտահանուող ապրանքի պարագային կը շարունակեն նախապատւութիւն տալ Վրաստանի տարածքով ցամաքային տեղափոխման:
Նախարարն անդրադարձած է նաեւ հարցին, թէ ինչու Ատրպէյճանը չօգտուիր Հայաստանի ճանապարհներէն: Պապոյեանն ըսած է՝ Ատրպէյճանը կը շարունակէ բաւականին երկար ու ծախսատար ճանապարհներէ օգտուիլ՝ հաւանաբար սպասելով հարցի ամբողջական կարգաւորման:
Վերադառնալով ցորենին՝ լրագրողները հետաքրքրուած են՝ ի՞նչ կու տայ Հայաստանին Ատրպէյճանի ճանապարհով ներկրումը:
«Պարէնային անվտանգութիւն»,- պատասխանած է Պապոյեանը՝ նկատի ունենալով Լարսին այլընտրանքի անհրաժեշտութիւնը: