image

Ատրպէյճանի նպատակն է էթնիկ զտման ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի հայ ազգաբնակչութիւնը. Նախարար Միրզոյեան

Ատրպէյճանի նպատակն է էթնիկ զտման ենթարկել  Լեռնային Ղարաբաղի հայ ազգաբնակչութիւնը. Նախարար Միրզոյեան

17 Յունուարին աշխատանքային այցով Վիեննա գտնուող ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը հանդիպում ունեցած է Աւստրիոյ եւրոպական եւ արտաքին գործերու դաշնային նախարար Ալեքսանտր Շալենպըրկի հետ։

Հայաստանի ու Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարարները գոհունակութեամբ արձանագրած են, որ երկու երկիրներու միջեւ առկայ է աշխուժ քաղաքական երկխօսութիւն եւ պատրաստակամութիւն յայտնած գործուն քայլեր ձեռնարկելու երկկողմ օրակարգը աւելի հարստացնելու ուղղութեամբ: Այս ծիրէն ներս կարեւորուած է առեւտրատնտեսական համագործակցութեան զարգացումը, գործարար կապերու աշխուժացումն ու ներդրումային ծրագերու իրականացումը:  

Հանդիպման ընթացքին նախարար Միրզոյեան իր գործընկերոջ ներկայացուցած է Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի արգելափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ օրէ օր վատթարացող մարդասիրական իրավիճակը՝ ընդգծելով, որ Ատրպէյճան իր գործողութիւններով նպատակ կը հետապնդէ էթնիկ զտման ենթարկելու Լեռնային Ղարաբաղի հայութիւնը: ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարը ընդգծած է միջազգային գործընկերներու կողմէ յստակ գործողութիւններու հրամայականը՝ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի անմարդկային շրջափակումը դադրեցնելու համար։

Կողմերը միտքեր փոխանակած են նաեւ 2022թ. դեկտեմբեր 19-ին աւարտած Եւրոմիութեան մշտադիտարկման առաքելութեան եւ հնարաւոր նոր առաքելութեան իրականացման վերաբերեալ:

Հանդիպման անդրադարձ կատարուած է նաեւ տարածաշրջանային բնոյթի հարցերու, միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ հայ֊աւստրիական համագործակցութեան եւ ընդհանուր օրակարգերու առաջմղման: