image

Ատրպէյճան մերժած է Ռուսիոյ եւ Ղազախստանի` օդանաւի վթարի հետաքննութեան առաջարկը

Ատրպէյճան մերժած է Ռուսիոյ եւ Ղազախստանի` օդանաւի վթարի հետաքննութեան առաջարկը

Պաքու-Կրոզնի օդանաւու վթարէն ետք Ռուսիան եւ Ղազախստանը առաջարկած են Պաքուին, որ միջադէպը հետաքննուի Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) միջազգային օդագնացութեան կոմիտէի կողմէ: Ատրպէյճանի կառավարութեան աղբիւրները ԱՊԱ-ին յայտնած են, որ Ատրպէյճանը մերժած է այս առաջարկը։

Նշուած է, որ Պաքուն կը պահանջէ միջադէպի հետաքննութիւն կայացնել միջազգային փորձագէտներու խումբի եւ Embraer-ի մասնագէտներու կողմէ։

Ատրպէյճանը կը կարծէ, որ «սեւ արկղ»ի վերծանումը եւս պէտք է իրականացնէ այդ խումբը։

Յիշեցնենք, որ վթարի հետեւանքով զոհուած է 38 մարդ, փրկուած է 29-ը: