image

Արտաշատի մէջ կը նշուի քաղաքի հիմնադրման 2214-ամեակը

Արտաշատի մէջ կը նշուի քաղաքի հիմնադրման 2214-ամեակը

Արտաշատի 2214-ամեակին նուիրուած միջոցառումները մեկնարկած են խորհրդանշական արարողութեամբ։

Արարատի մարզպետի աշխատակազմէն յայտնած են, որ մարզպետ Սեդրակ Թեւոնեանն ու Արտաշատ համայնքի ղեկավար Կառլէն Մկրտչեանը ծաղիկներ խոնարհած են Արտաշատի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղադրուած խաչքարերի դիմաց՝ ի յիշատակ հայրենիքի համար բոլոր պատերազմներուն զոհուած արտաշատցիներու։

Սեդրակ Թեւոնեանը շնորհաւորական ուղերձ յղած է Արտաշատ քաղաքի հիմնադրման 2214-ամեակի առիթով, որուն մէջ նշուած է մեր երկրի հարուստ պատմութեան, մշակոյթի մասին։

«Արտաշատը մեր երկրի հնագոյն մայրաքաղաքներից մէկն է՝ կառուցուած հայոց մեծ արքայ Արտաշէս Ա-ի կողմից։ Դարերի ընթացքում այն դարձել է կեանքի, առեւտրի եւ մշակոյթի կեդրոն։ Այսօր Արտաշատը շարունակում է ապրել նորովի՝ իր զարգացող ենթակառուցուածքներով, իր կրթութեամբ, մշակոյթով, իր գիւղատնտեսութեամբ։

Թող իւրաքանչիւր արտաշատցի իր առօրեայ աշխատանքով աւելացնի քաղաքի շունչը, գեղեցկութիւնը եւ ուժը։ Շնորհաւոր տօնդ, հինաւուրց եւ միշտ երիտասարդ Արտաշատ»,-ըսուած է ուղերձին մէջ։